Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այսօր կը գտնուի երկիրը փրկելու իր բնական ընթացքին մէջ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի նախագահ, երեփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ Լիբանան ունենայ հզօր նախագահ մը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր կարգին թերութիւններու տէր անձ է, սակայն ան կրնայ որոշ լուծում եւ յաջողութիւն ապահովել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ տակաւին ան իր վերջնական կեցուածքը չէ ճշդած Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութեան առնչութեամբ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Նատեր Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ քննարկած է անոր թեկնածութեան մանրամասնութիւնները, որոնց մասին տեղեակ պիտի պահէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի, Թըպնինի եւ Նապաթիէի վերեւ:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» կը գրէ. «Վարչապետ Սալամի կառավարութիւնը մէկ ամսուան ընթացքին շատ աւելի նուաճումներ կրցաւ իրագործել, քան Միքաթիի կառավարութիւնը»:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագէտներէ, գրած է, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կրնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն ցանկը խզել ամերիկեան զօրակցութեամբ:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժեր կը հաստատեն, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահ ընտրութիւնը անկարելի է:

ԴԱՏԱՒՈՐ Ղալեպ Ղանեմ շեշտեց, որ երկրին մէջ առկայ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին պիտի կատարուի: Ան աւելցուց նաեւ, որ այս իմաստով Պքերքէ ազդու դերակատարութիւն կ՛ունենայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կրնայ լիբանանցիները միացնել, ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ Դիմադրութեան եւ անոր կերտած յաղթանակներուն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց երկրին նախագահ ընտրելու պարկեշտ եւ լիբանանցիները միասնականացնող անձնաւորութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայել Տահեր յայտնեց, որ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը անհաւանական է` աւելցնելով, որ նախագահ Սլէյման այդ մէկը չի փափաքիր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի մէջ ապահովական ծրագիրը գործադրելու իմաստով մնայուն կապի մէջ է արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն հետ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի չընտրէ նախագահ մը, որ քրիստոնեաներուն գոհունակութիւնը չի վայելեր:

ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան նպատակն էր փախուստի առիթ տալ զինեալ բախումի ճակատներու պատասխանատուներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալեն Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այս կամ այն քաղաքական խմբաւորումին թեկնածուն չէ, այլ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին: Ան յայտնեց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնը լաւ ընթացքի մէջ է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ հանդիպում ունենալէ ետք իսլամ քարոզիչ Շահհալ զգուշացուց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական խախտումները կրնան վնասներ պատճառել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցին կը հաւատայ կիներու եւ տղամարդոց միջեւ հաւասարութեան` աւելցնելով, որ իրեն համար ոեւէ կնոջ դէմ յարձակում համազօր է իր մօր դէմ յարձակումին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան եւ լրագրող Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ Սուրիոյ մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն խնդրած է նախագահական իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման որդեգրած է այնպիսի կեցուածքներ, որոնք զինք հեռացուցած են չէզոքութենէն:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ յայտնեց, որ իրենք ամէն ինչ կորսնցուցած պիտի ըլլան, եթէ կորսնցնեն Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի իրենց հողերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ հանդիպում մը կատարուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահ ընտրուելուն առիթները գրեթէ գոյութիւն չունին:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, երեսփոխան Միշել Մըր կը միտի այցելել Ռապիէ եւ հանդիպում մը ունենալ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի զինեալները Արսալի մէջ ապաստանած են նախքան բանակին դիրքաւորումը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի իրաւունքն է նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրել, «սակայն մենք մեր դաշինքէն դուրս պիտի չգանք»:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Հասան Շարիֆէ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին յաւելեալ իրաւասութիւններ տալու, որպէսզի լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ արձանագրուող ապահովական բախումներուն եւ խախտումներուն կարենայ միջամտել:

 

Share this Article
CATEGORIES