«Քրիստոնէական Հանդիպում-Բեթանիա»ն Կը Դատապարտէ Քեսապի Դէմ Յարձակումը

«Քրիստոնէական հանդիպում – Բեթանիա»-ն շաբաթավերջին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց հաւատադրժողական խմբաւորումներու կողմէ Քեսապի դէմ գործուած յարձակումը:

Հանդիպումը կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Քեսապի բնակչութեան, յատկապէս` քեսապահայութեան, ինչպէս նաեւ անոնց ձեռնարկած բոլոր քայլերուն, որոնց նպատակն է լուսարձակի տակ առնել սուրիական այս շրջանին մէջ պատահածը եւ պաշտպանել հողը, ինքնութիւնն ու Սուրիոյ բազմազան հիւսուածքը:

«Քրիստոնէական հանդիպում – Բեթանիա»-ն  կոչ ուղղեց արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն վերջ տալու հաւատադրժողական խմբաւորումներուն կողմէ Սուրիոյ բազմազանութիւնը հարուածելու եւ ուրիշը ջնջելու քայլերուն նկատմամբ իրենց լռութեան` հիմնուելով ուրիշը ճանչնալու եւ անհատին ու հաւաքականութիւններուն ազատ ապրելու մարդկային իրաւունքները յարգելու վրայ:

Share this Article
CATEGORIES