Ֆայսալ Քարամէ. «Մարոնի Համայնքը Պէտք Չէ Ընդունի, Որ Իր Գլխաւոր Ներկայացուցիչը Ըլլայ Ոճրագործ Եւ Իսրայէլի Գործակալ Մը»
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան համար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի առաջադրած թեկնածութիւնը քաղաքական եւ բարոյական ստորութեան գագաթնակէտն է:
«Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասին իմ ունեցած վատագոյն մղձաւանջներուս մէջ իսկ չեմ հանդիպած այն յանդգնութեան, որ ոճրագործ մը նախագահութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ: Այս մասին Պքերքէ պէտք է ունենայ իր կեցուածքը. ան պէտք է ճշդէ իր կեցուածքը` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէն սպաննող ոճրագործին մասին», ըսաւ ան:
Քարամէ նշեց, որ մարոնի համայնքը պէտք չէ ընդունի, որ իր գլխաւոր ներկայացուցիչը ըլլայ ոճրագործ եւ Իսրայէլի գործակալ մը` աւելցնելով, որ ինք ստիպուած չէ բացայայտելու այս մասին ապագային որդեգրելիք իր քայլերուն մանրամասնութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

