Վարչապետ Սալամ Կը Շեշտէ Չէզոք Քաղաքականութեան Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

Կիպրոսի դեսպանը եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Ան զգուշացուց նախագահական մակարդակի անիշխանութենէն` նշելով, որ նման պարագայի երկիրը կրնայ մուտք գործել դժուար եւ բարդ հանգրուան մը:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու առումով արձանագրուած յաջողութիւնը կրնայ դիւրաւ ինքզինք կրկնել` նախագահի ընտրութեան պարագային:
«Մենք չենք փափաքիր դառնալ անիշխանութեան հանգրուանի կառավարութիւն մը եւ ոչ ալ կը փափաքինք վայելել հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի համար ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է` նկատի ունենալով, որ անիկա բանալին է տնտեսական մակարդակի վրայ արձանագրուելիք բարգաւաճումին: «Բայց եւ այնպէս, կառավարութեան համար քաղաքական առաջնահերթութիւն կը մնայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին հարցումի մը` վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ անիկա անհանգստացնող է եւ զգայուն հարց մը` աւելցնելով, որ այս իմաստով Հըզպալլայի ղեկավարութեան հետ խորհրդակցութիւնները անհրաժեշտ են:
Միւս կողմէ, Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որմէ ստանձնեց Կիպրոսի նախագահին շնորհաւորական գիրը` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան եւ խորհրդարանէն ստացած վստահութեան քուէին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-կիպրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս քարիւղի եւ բնական կազի պեղման առումով:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ապահովական իրավիճակն ու սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

