«Սուրիական Վարչակարգը Տապալելու Վտանգը Վերացած Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Nasrallah0604Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով պայթումները սկսած են աւելի նուազ թափով արձանագրուիլ, ինչպէս նաեւ դրուատեց լիբանանեան եւ սուրիական կողմերէն որդեգրուած սահմանային միջոցառումները:

«Սուրիական վարչակարգը տապալելու վտանգը վերացած է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ շրջանցուած է նաեւ բաժանումի վտանգը:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծման տարբերակը ձախողած է, «իսկ Սուրիոյ մէջ բռնկած տագնապին նպատակը արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատումը կամ փտածութեան դէմ պայքարը չէ, այլ Սուրիոյ կեցուածքները եւ դիրքը փոփոխութեան ենթարկելը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Share this Article
CATEGORIES