Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան Կարիքը Ունի Պարկեշտ, Օրինակելի Եւ Վարքով Հզօր Նախագահի Մը»

Ս. պատարագէն պահ մը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան արտասանեց քարոզ մը` մաղթելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Ան կոչ ուղղեց երկրին դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութեան ընթացքին հզօրացնելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ ամրապնդելու Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին խորհրդարանը հրաւիրելու նախագահական ընտրութեան լիագումար նիստի մը` օրէնսդրական նիստերուն աւարտէն անմիջապէս ետք:
«Լիբանան կարիքը ունի պարկեշտ, օրինակելի եւ վարքով հզօր նախագահի մը, որ կարենայ վերջ տալ փտածութեան եւ հզօրացնել պետութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

