Նախագահ Սլէյման Սաքըրի Հետ Քննարկեց Ահաբեկչութեան Յանցանքով Ամբաստանուածներու Վերաբերող Հարցեր

Սլէյման եւ Սաքըր
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրը, որուն հետ քննարկեց ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանուածներու վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆուատ Սաատ, որ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի:
CATEGORIES Լիբանանեան

