Պըրրիի Հրաւէրով Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Այսօր Պիտի Գումարեն Միացեալ Նիստ Մը

Ալպեր Մանսուր եւ Պըրրի

Ալպեր Մանսուր եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով խորհրդարանի յանձնախումբերը այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի գումարեն միացեալ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի շարունակեն քննարկել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը` զայն յաջորդ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր տեղի ունենալիք օրէնսդրական նիստերու օրակարգին վրայ նկատի ունենալու միտումով:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի նիստի մը հրաւիրելու շրջագիծին մէջ Պըրրիի յառաջացուցած երեսփոխանական յանձնախումբը աւարտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն հետ իր ունեցած հանդիպումները եւ այսօր պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահին` անոր յանձնելու համար իր տեղեկագիրը:

Այս առումով յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուսա քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ յանձնախումբին հանդիպումները եղած են դրական, աւելցնելով, որ հակառակ նախագահական թեկնածուներուն շուրջ համախոհութեան չգոյութեան, անոնք լաւատես են նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առումով:

Հոս անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ Պըրրի վճռակամ է նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու` մեկնելով այն իրականութենէն, թէ անիկա կարեւոր է երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ սահմանադրութիւնը գործադրելու իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES