Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականներ Եւ Հայ Դատի Գրասենեակը Քեսապի Հարցով Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս Պիտի Տան
Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն եւ այլ քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակին հետ 8 ապրիլին մամլոյ ասուլիս պիտի տան` Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներու դէմ կատարուած յարձակումներուն վերաբերեալ:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակը «Արմէնփրես»-ին կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին կոչ պիտի ուղղուի պաշտօնական հետաքննութեան սկսելու` պարզելու համար Թուրքիոյ դերը Քայիտայի ահաբեկչական գործողութիւններուն մէջ:
«Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ կեդրոնացած էի փորձելով վերջ տալ այդ տագնապին եւ յատկապէս այդ երկրին մէջ ապրող քրիստոնէական փոքրամասնութիւններուն դէմ կատարուող ոտնձգութիւններուն: Վերջին շրջանին Քեսապի վրայ բարբարոսական յարձակումներ տեղի ունեցան քրիստոնեաներուն նկատմամբ:
Մենք պէտք է կրկնապատկենք մեր ջանքերը` պաշտպանելու համար Քեսապի պատմական համայնքը», ըսած է Էտըմ Շիֆ:

