Շումախըր Բացաւ Իր Աչքերը

schumi.0604Միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած լուրերուն համաձայն, 29 դեկտեմբեր 2013-ին իր ունեցած դժբախտ արկածէն ետք, «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան մէջ իր անունը արձանագրած գերմանացի աշխարհահռչակ վարորդ Միքայէլ Շումախըր, որ մահաքունի մէջ կը գտնուէր, սկսած է ապաքինումի նշաններ ցոյց տալ:

Անոր տնօրէնը` Սապինա Քեմ կը նշէ, որ Շումախըր սկսած է կենդանութեան նշաններ ցոյց տալ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով ան իր աչքերը թարթելով զանոնք բացած է, կը յայտնէ ArmSport.am:

Առայժմ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:

Share this Article
CATEGORIES