10 Տարուան Բացակայութենէ Մը Ետք. Լայսթըր Սիթի Կը Վերադառնայ Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»

leister.0604Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  40-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շեֆիլտ Ուենզտէյի, Լայսթըր Սիթի ապահովեց տարեշրջանի իր 89-րդ կէտը:

2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պըրնլի 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Ուաթֆորտի դաշտէն, մինչ 3-րդ դիրքը գրաւող Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պուրնըմաութի դաշտին վրայ:

Նկատի ունենալով, որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 6 հանգրուան, Լայսթըր Սիթի այժմէն իսկ ապահովեց բարձրագոյն դասակարգի («Փրեմիեր լիկ») իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ անիկա 19 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի վրայ:

Լայսթըր Սիթի, որ վերջին անգամ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ տեսնուեցաւ տասը տարի առաջ, այսպիսով «Փրեմիեր լիկ»-ի երեք տոմսերէն մէկը ապահովեց, սակայն ցարդ Ա. դասակարգի ախոյեան չի նկատուիր:

Ստորեւ` դասաւորումը.

  Կէտ
1.- Լայսթըր Սիթի 89
2.- Պըրնլի 80
3.- Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ 70
4.- Տերպի Քաունթի 69
5.- Ուիկըն 67
6.- Ռիտինկ 63
7.- Նոթինկհամ Ֆորեսթ 58
Share this Article
CATEGORIES