Մարոթթա. «Պէտք Է Նուազեցնել «Սերի-Ա.»-ի Խումբերուն Թիւը»
Եուվենթուսի ընդհանուր տնօրէն Փեփէ Մարոթթա Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարեփոխման նպատակով յայտարարեց, որ «Սերի-Ա.»-ի խումբերուն թիւը պէտք է 20-էն 18-ի նուազեցնել:
«Պարզ օրինակ մը տալով յայտնեմ, որ Քաթանիան մեզմէ ետ է 61 կէտով: Այս պատճառով ալ անոնք կեանքի եւ մահուան համար չէ, որ ֆութպոլ կը խաղան: Այս է տարբերութիւնը «Սերի-Ա.»-ի եւ արտասահմանեան միւս ախոյեանութիւններուն միջեւ: Ամէն գնով պէտք է խումբերուն թիւը կրճատուի 18-ի: Այս կրճատումը կատարելու պարագային ֆութպոլիստները աւելի քիչ կը յոգնին եւ կը կարենան աւելի լաւ ելոյթ ունենալ եւրոպական ախոյեանութիւններուն եւ ազգային խումբերուն հետ», ըստ ArmSport.am-ի ըսած է Մարոթթա:
CATEGORIES Մարզական

