Պարսելոնայի Նախագահը Պիտի Տեսակցի Պլեթըրի Հետ

bartomeu.0604Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Պարթոմէու յայտարարեց, որ իր ակումբը ունի թշնամիներ, որոնք կը կանգնին ՖԻՖԱ-ին կողմէ իրենց կախակայումին ետին:

Ունինք տեղեկութիւններ, որոնք կրնան փաստել, թէ որո՛նք են այն անձերը, որոնք կը փորձեն թշնամութիւն հրահրել մեզի դէմ: Պարսելոնա ոչ մէկ սխալ գործած է: Մենք միայն կը փորձենք երիտասարդ մարզիկներով օժտել մեր կազմը եւ ուրիշ ոչինչ», ըսաւ ան:

Երբ հարց տրուեցաւ անոր, թէ արդեօք Ռէալ Մատրի՞տ կը կանգնի ատոր ետին, ան ըսաւ, թէ` «պիտի չըսենք, թէ այս կամ այն ակումբն է: Երբ փաստացի տուեալներ ունենանք, բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարենք»:

Նշենք, որ ըստ սպանական մամուլին, Պարթոմէու ժամադրութիւն ուզած է «ՖԻՖԱ»-ի նախագահին` Սեփ Պլեթըրի հետ հանդիպում ունենալու` փորձելով ակումբին դէմ սահմանուած պատիժը բեկանել:

Share this Article
CATEGORIES