Բացայայտուած Է Եւրոդատարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Զուիցերիոյ Բողոքագիրը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Զուիցերիոյ կառավարութիւնը երկու շաբաթ առաջ, եռամսեայ պայմանաժամին վերջին օրը, որոշեց բողոքարկել «Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ»  դատական գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռը:

Հակառակ անոր որ Զուիցերիոյ բողոքագիրը կնքուած կը պահուէր մինչ եւ ՄԻԵԴ-ի մէջ անոր քննարկուիլը, սակայն ես յաջողեցայ ձեռք բերել օրինակ մը` ֆրանսերէնով: Զուիցերիական բողոքագիրին բովանդակութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի մամուլին մէջ:

2013 թուականի դեկտեմբեր 17-ին Եւրոդատարանը վճռեց, որ զուիցերիական դատարանները խախտած էին իրաւունքները Տողու Փերինչեքի` թրքական աննշան կուսակցութեան մը  ղեկավարին, որ 2005 թուականին մեկնած էր Զուիցերիա` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու յատուկ դիտաւորութեամբ եւ տեսնելու, թէ արդեօք զուիցերիական իշխանութիւնները պիտի յանդգնէի՞ն զինք պատժել Ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» անուանելուն համար:

Ցեղային խտրականութեան, ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու վերաբերեալ զուիցերիական օրէնքի խախտման մեղադրանքով դատապարտուելէ ետք, Փերինչեքը բողոքարկեց իր դատավճիռը ընդհուպ մինչեւ Դաշնակցային դատարան` Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատական ատեան, որ հաստատեց անոր մեղքը: Այնուհետեւ, ան դիմեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան` մեղադրելով Զուիցերիան իր տարբեր իրաւունքներու, ինչպէս` խօսքի ազատութեան խախտման համար: Զարմանալի է, որ Եւրոդատարանի եօթը դատաւորներէն հինգը արդարացուցին Փերինչեքը` նկատել տալով, որ Զուիցերիան խախտած է Եւրոպական համաձայնագիրի որոշ դրոյթներ:

ՄԻԵԴ-ի որոշումը անպատասխան ձգելը լուրջ նահանջ պիտի ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, յատկապէս` մինչեւ ամբողջ աշխարհի մէջ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը, 24 ապրիլ 2015: Առաւել կարեւոր է այն, որ Եւրոդատարանի դատաւորները, գերազանցելով իրենց իրաւագիրը Փերինչեքի իրաւունքներու թուացեալ խախտումներուն վերաբերեալ, հարցեր բարձրացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան իրաւացիութեան մասին: Անոնք նաեւ անհիմն ու մակերեսային տարբերութիւններ նշած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզումին միջեւ, սահմանելով, որ առաջինը ժխտողները պատժելը անօրինական է, մինչդեռ վերջինը ժխտողները մեղադրելը` ճիշդ:

Նկատի առնելով Հայ դատի վրայ այս անարդար որոշման խիստ վնասակար հետեւանքները, Հայաստանի կառավարութիւնը, աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները եւ յատկապէս Զուիցերիոյ հայերը մեծ աշխատանք կատարեցին, որպէսզի Զուիցերիան բողոքարկէ ՄԻԵԴ-ի վճիռը Փերինչեքի գործով: Իրականութեան մէջ զուիցերիական իշխանութիւնները հայերու կողմէ յորդորման կարիք պէտք չէր ունենային, քանի որ անոնք պարտաւոր էին պաշտպանելու իրենց սեփական դատարաններու որոշումները, ներառեալ` նաեւ Դաշնակցային դատարանի եւ իրենց երկրի իրաւական համակարգին վարկը:

2014 թուականի Մարտ 17-ին ներկայացուած վեց էջանոց զուիցերիական բողոքը կը հաստատէ, որ ՄԻԵԴ-ի վճիռը կը բարձրացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին առնչուած «մեկնաբանման եւ կիրարկման լուրջ հարցադրումներ»` հետեւեալ երեք պատճառներով.

– Դատական որոշումը կը ներառէ հարց մը` Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ երբեք չէ քննարկուած ՄԻԵԴ-ի մէջ: Այս գործը կը բարձրացնէ երկու հիմնարար իրաւական հարց, որոնցմով Եւրոդատարանը չէ զբաղած. Ցեղասպանութեան իրաւական որակաւորումը եւ խօսքի ազատութեան սահմանը, երբ Համաձայնագիրի անդամ  պետութիւն մը ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ կը քրէականացնէ ցեղասպանութեան ժխտումը:

– Դատական որոշումը անհարկի ձեւով կը նուազեցնէ Զուիցերիոյ «հայեցողութեան շրջագիծը»` համաձայն ՄԻԵԴ-ի իրաւագիտութեան փորձին: Փերինչեքը բազմիցս յայտարարած է, որ ինք երբեք չի փոխեր իր կարծիքը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Անոր ժխտողական դիրքորոշումը «խիստ վիրաւորական» է: Եւրոդատարանի պնդումը, որ նման անձնաւորութիւն մը կրնայ սոյն հարցին վերաբերեալ իր աւանդը բերել «բանավէճին եւ պատմական ուսումնասիրութեան», «կը շեղէ ՄԻԵԴ-ի հաստատուած եւ հաւասարակշռուած իրաւագիտութենէն»:

– Դատական որոշումը կը ստեղծէ «արհեստական տարբերութիւններ»: Փերինչեքը ոչ միայն պարզապէս չէ օգտագործած ցեղասպանութիւն եզրը, այլ նաեւ հայերու զանգուածային սպանութիւնները որակած է իբրեւ «միջազգային սուտ»: Բացի ատկէ, թէեւ չէ եղած միջազգային դատավճիռ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սակայն թրքական դատարանի 1919 թուականի վճիռը` ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու, «կազմած է արժանահաւատ ապացոյցներու տարր` «ճանչնալով փաստերը կամ անբարենպաստ վերաբերմունքը» Միջազգային դատարանի իրաւագիտութեան փորձին վերաբերեալ: Աւելի՛ն. նոյնիսկ «Նիւրենպերկեան դատարանը չէ նշած ցեղասպանութիւն եզրը» եւ նացիական յանցագործները «դատապարտած» է ոչ թէ ցեղասպանութիւն իրականացնելու, այլ խաղաղութեան դէմ յանցագործութիւններու, ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու յանցանքով:

Զուիցերիական բողոքը ներկայացուցած էր համոզիչ փաստարկներ եւ անառարկելի ապացոյցներ այն մասին, որ ՄԻԵԴ-ի եօթը դատաւորներէն հինգը կատարած են լուրջ դատողութեան եւ տուեալներու սխալներ` որոշում կայացնելով ի նպաստ Փերինչեքի եւ ընդդէմ Զուիցերիոյ:

Այժմ Եւրոդատարանի հինգ նոր դատաւորներու կազմը պիտի որոշէ, թէ Զուիցերիոյ բողոքը պէ՞տք է ուղարկուի 17 դատաւորներէն կազմուած Մեծ պալատ` վերջնական լուծում տալու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES