Թատերական Ակնարկ. «Կարմիր Գլխարկիկը»

13453836955Դարեր առաջ ծնած հեքիաթագիր Շարլ Փերոյի ստեղծագործութիւն «Կարմիր Գլխարկիկը» հեքիաթին բեմական ներկայացման ներկայ եղանք 29 մարտ 2014-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ մանուկներ` իրենց մայրերով: Մանուկներուն ճակատագրուած այս ներկայացման ներկայ եղան նաեւ մեծահասակ թատերասէրներ, որոնք ապրեցան իրենց մանկութեան ապրուած կամ չապրուած օրերը:

«Կարմիր Գլխարկիկը» բեմ բարձրացնելու յանձնառութիւնը ստանձնած է հայրենի արուեստագէտ Կարէն Խաչատրեան, որ «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին բեմադրիչն է: Հայրենի արուեստագէտ Մարդին Վարդազարեան, ստանձնած է երաժշտութեան բաժինը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան գեղարուեստական դպրոցներու խնամակալութեան գործակցութեամբ, յաջողութեամբ պսակուեցաւ ներկայացումը: Գեղատեսիլ բեմայարդարանքը կը ներկայացնէր անտառը իր ծառերով եւ բնակիչներով, ինչպէս` թռչուններ, անասուններ` գայլ, արջ, աղուէս եւ նապաստակ, բոլորն ալ` դեռատի դերասաններու յատուկ զգեստաւորումներով կերպարանափոխոած:

Տասը պատանի ու պարման դերակատարներ ստանձնած էին վերեւ յիշուած անտառի բնակիչներուն դերերը: Սիլվիա Տեմիրճեան (Կարմիր Գլխարկիկը) Արամ Ադամեան (արջ), մեծ մայրիկ (Մարի Ռոզ Մանուկեան, Սվետլանա Միքայէլեան (թռչուն 1), Շահան Հաւաթեան (որսորդ 1), Սարգիս Եագուպեան (գայլ), Լորի Իսթիլեան (աղուէս), Գոհար Գարակէօզեան (նապաստակ), Ինեսա Քէչէկ (թռչուն 2), Նարեկ Քէշիշեան (որսորդ 2):

Փոքրիկ եւ պատանի դերասանները շնորհալի էին համարձակ եւ ինքնավստահ: Լաւ սորված էին իրենց դերերը: Նկատելի էին լեզուական թերիները, որուն անաղարտ պահպանումը ցանկալի է:

Ըսինք, թէ սրահը լեցուած էր մանուկներով, որոնք անհամբեր էին ներկայացման սկսելուն: Բարձրաձայն կը խօսէին իրարու հետ, կը ճչային: Պահ մը մտածեցի, թէ պիտի չկարենանք լուռ հետեւիլ բեմադրութեան, բայց երբ դերակատարները երեւցան բեմին վրայ, զարմանալի՛, տիրեց բացարձակ լռութիւն: Երեխաները կը հետեւէին խաղարկութեան, ամենայն ուշադրութեամբ, երբեմն ծիծաղելով, երբ դերակատար մը իյնար, բարձրաձայն բարկանար, կամ անասունները տարօրինակ արտայայտութիւններ ունենային: Այս է թատրոնին օգուտը մանուկները դաստիարակելու: Վստահ ենք, որ անոնց գեղարուեստական ճաշակը կը ծաղկի, հասկացողութիւնը եւ տրամաբանութիւնը կը զարգանան, եւ անմոռանալի ազդեցութիւն կը թողուն անոնց կեանքին վրայ, յարատեւ յիշողութեամբ:

Մեր կարգին ուրախացանք երեխաներու ցնծութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցինք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստական դպրոցներու խնամակալութեան եւ պատասխանատուներուն, բեմադրութեան օժանդակող արուեստագէտներուն եւ թատերասէրներուն:

13453971813Մեր ուրախութիւնը յաւելեալ խնդութիւն մը ապրեցաւ, երբ բեմին վրայ տեսանք վաստակաշատ, տաղանդաւոր դերասանուհի Մարիզ Ռոզ Մանուկեանը, որ վերջին 6-7 տարիներէ ի վեր գրեթէ չէ երեւցած մեր բեմերուն վրայ: Ան ստանձնած էր մեծ մօր դերը, որով երգեց, պարեց, արտասանեց, ծիծաղով եւ ծափերով յորդեցնելով սրահը: Մոռցուած չէր ան, ներկաներուն յիշեցուց իր փառքի օրերը արուեստագէտ բեմադրիչ ու դերասան Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած թատերական գործունէութեան մասնակցութեամբ:

Բեմը լեցուցած եւ խանդավառած նորածաղկ դերակատարները արժանացան ծափերու: Յիշենք, որ Մարդին Վարդազարեանի ներկայացման հետ հիւսուած երաժշտութիւնը, երգերը եղան արտայայտիչ` առաւել ջերմութիւն ստեղծելով ներկայացման ընթացքին: Բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեանի աշխատանքը արդիւնաւորուած էր: Կարեւորը գեղարուեստի աշխարհէն ներս առողջ դաստիարակութիւնն էր: Նորագոյն սերունդը պէտք է բախտաւոր զգայ ինքզինք, թէ կայ մթնոլորտը` արուեստի որեւէ ճիւղ ընդգրկելու Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս: Ծնողք եւս հարկ է քաջալերեն իրենց զաւակներուն շնորհները, որպէսզի ունենանք  լուրջ դաստիարակութեամբ սերունդ մը:

Ժամ մը տեւած ներկայացման աւարտին «Կարմիր Գլխարկիկը» ներկայացման մասնակիցները բեմ եկան, ծափահարուեցան ջերմութեամբ: Բեմադրիչ Կարէն Խաչատրեան բեմ ներկայանալով` արժանացաւ ներկաներուն նոյնքան ջերմ ծափերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ անոր աջակիցներուն, այս բեմադրութեան օժանդակած արուեստագէտներուն, ապա հաստատեց. «Մեր կեանքին մէջ կարեւորութիւն ունին երեք արժէքներ, մասնաւորաբար` եկեղեցի, դպրոց եւ թատրոն, ձեր զաւակները քաջալերեցէք հետեւելու այս սկզբունքներուն», ըսաւ ան:

ԹԱՏԵՐԱՍԷՐ

Share this Article
CATEGORIES