Երիտասարդական. Մենք Անտէր Եւ Անպաշտպան Չենք
Սիրելի՛ ազգակից քոյրեր եւ եղբայրներ,
Անցնող վերջին տասը օրերը բոլորիս համար եղան սուգի եւ անձկութեամբ լեցուն օրեր: Օրեր, որոնք անջնջելի խոր վիհեր բացին մեր հոգիներուն աշխարհին մէջ: 1909-ին Ատանայի կոտորածներով եւ 1915-ի Ցեղասպանութեամբ թուրքը չյաջողեցաւ հայաջնջման իր վաղեմի երազը իրականացնել: Ահա հարիւր տարիներ ետք, նոյն ոճրագործ թուրքը, տարբեր դիմակներով, կրկին անգամ կը փորձէ իր նախահայրերէն ժառանգած «աւանդ»-ը զանազան միջոցներով ի գործ դնել, Քեսապի անմեղ հայերը տեղահանութեան, աւելի ճիշդ` բռնագաղթի ենթարկելով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամներուն մէջ կ՛ըսէ. «Թուրքիոյ վարչաձեւը փոխուած էր, անձերը փոխուած էին, սակայն նոյնը կը մնային թուրքին բարբարոս նկարագիրը եւ թուրք կառավարութեան համաթուրանական ծրագիրը»:
Այս բոլորով հանդերձ սակայն, ո՜վ արենակից մեծ սուրբը ընտանիք, մեր կեանքի գոյատեւումը, հայերէն խօսիլը, հայ մշակոյթի տարածումը, քրիստոնէութեան ամուր պահպանումը, իւրաքանչիւր թուրքին երեսին, նախագահէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն համեստ խաւի վրայ գտնուող թուրքին երեսին վրայ յաւիտեանս հետք ձգող հուժկու ապտակ մըն է: Կեանքի ձեր բոլոր օրերուն, ո՛ւր որ ալ գտնուիք, անպայման դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման պիտի գտնուիք. սակայն այդ դժուարութիւններուն դիմաց մաքառիլը եւ ոտքի մնալ իւրաքանչիւր հայու ինքնուրոյն նկարագիրն է, որ յատուկ է միա՛յն հայ ժողովուրդին: Համաշխարհայնացման սպառնացող այս դժուարին օրերուն, պէտք է պահենք մեր ինքնուրոյնութիւնը: Սակայն ինչպէ՞ս: Միա՛յն ու միա՛յն միասնականութեամբ: Մեր մեծ բանաստեղծներէն Եղիշէ Չարենց ըսած է եւ այսօր անգամ մը եւս կու գայ ըսելու. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է»: Այո՛, թէեւ Քրիստոս ըսած է` «Սիրէ քու թշնամիդ», սակայն մեր մեծ հայ մտաւորականներէն Աւետիք Իսահակեան կը հաստատէ`, թէ «Քրիստոս երբ ըսաւ սիրէ թշնամիդ, այդ օրերուն թուրքը տակաւին գոյութիւն չունէր»:
Մենք որպէս հայ քրիստոնեաներ, պէտք է մեր քրիստոնէական հաւատքը վառ պահենք մեր մէջ եւ չյուսահատինք ներկայ իրավիճակէն: Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, հաւատքի մասին խօսելով, կը գրէ հետեւեալը. «Հաւատք` կը նշանակէ վստահ ըլլալ այն բաներուն, որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն, որոնք չեն երեւիր» (Եբր 11.1). իսկ ուրիշ տեղ մըն ալ կ՛ըսէ` «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր»: Ուստի, յուսանք ու հաւատանք, թէ օր մը, անպայմա՛ն, ո՛ւշ կամ կանո՛ւխ, պիտի վերադառնանք մեր պապենական հողերուն: Ինչպէս անցնող հարիւր տարիներուն, նոյնպէս ալ մեր վերադարձին օրը նոր թափով եւ աւելի հաստատուն կամքով պիտի վերաշինե՛նք մեր տուները, պիտի վերամշակե՛նք մեր հողերը, պիտի վերակազմակերպե՛նք մեր հաստատութիւններն ու միութիւնները, պիտի վերակառուցե՛նք մեր եկեղեցիները եւ վերջապէս, եւ ամէնէն կարեւորը, դարձեա՛լ պիտի բանանք մեր հայ ազգային դպրոցներու դռները, ուր պիտի պատրաստուին մեր գիւղի ապագայ սերունդը հանդիսացող հայ ազգի զաւակները: Այնքան ատեն որ կենդանի ենք եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը վայելենք ու կը վստահինք Անոր հրաշագործ զօրութեան, Պարոյր Սեւակին հետ միասին, աշխարհով մէկ կը վկայենք. «Բայց մենք չնկանք, մենք միշտ կանք. մենք չյանգանք դեռ կը գանք…»:
Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր առաջին նամակին մէջ կը գրէ. «Միշտ ուրախ եղէք, անդադար աղօթեցէք: Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք» (Ա. Թս 5.16): Հետեւաբար, ո՜վ միւռոնադրոշմ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, նոյն այս ոգիով ու սպասումներով սպառազինուած, յարատեւ աղօթքով եւ ուրախութեամբ պէտք է ապրինք իւրաքանչիւր աստուածաշնորհ օր եւ հազար փառք տանք Աստուծոյ, որ մեզ անտէր ու անպաշտպան չթողուց:
Վերջապէս մեր շնորհակալական խօսքը կ՛ուղղենք Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն, ազգային միութիւններուն, Սուրիոյ շտապ օգնութեան մարմինին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան քեսապահայութեան ապահովման ու պաշտպանման:
Թող ամենակալ Տէրը` Յիսուս Քրիստոս համբերութիւն ու հոգիի խաղաղութիւն շնորհէ մեր բոլորին: Ամէն:
Որդիական ջերմ սիրով ու յարգանօք`
ՊԵՏՐՈՍ ՍՐԿ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

