Ուրֆայի Պատմական Ամրոցին Մէջ Հայերու Գերեզմաններ Կը Յայտնաբերուին

urfa-0804Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի թանգարանի աշխատակիցները քաղաքին պատմական ամրոցին մէջ պեղումներու ընթացքին քարանձաւ մը յայտնաբերած են:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին` Ուրֆայի քաղաքային թանգարանի հնագէտները այս պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած քարանձաւին մէջ հայերու գերեզմաններ յայտնաբերած են:

Կը նշուի, որ գերեզմաններուն մօտ գտնուած են նաեւ թագաւորական գահ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի, Մարիամ Աստուածածնի եւ այլ սրբապատկերներ:

Նշենք, որ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Ուրֆան հիմնած է հայ թագաւոր Աբգարը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին թագաւորը կը նկատուի: Աբգար թագաւորը պատկերուած է հայկական 100 հազարնոց դրամանիշին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES