«Տէրսիմի Հայերը Ոչնչացման Ու Ցեղասպանութեան Վտանգը Երկու Անգամ Ապրած Են». Միհրան Փրկիչ

mihranpergichՏէրսիմահայերու փոխօգնութեան ու հաւատքի միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին Երեւանի մէջ «Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրման կեդրոն»-ի կազմակերպած քննարկման ընթացքին յայտարարեց, թէ` «1938-ին Տէրսիմի մէջ տեղի ունեցած ջարդը ցեղասպանութիւն էր»:

Ըստ Փրկիչի, 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ 1938-ին Տէրսիմի կոտորածներու հարցերը շատ կարեւոր են: «Կոտորածներու միջոցով Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են լուծել միաժամանակ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ ալեւիներու հարցը, որոնք այն ատեն միաւորուած էին: Պետութիւնը ժամանակին մեծ տարբերութիւն կը դնէր ալեւիներու ու Թուրքիոյ մէջ բնակող միւս մահմետականներուն միջեւ: Տէրսիմի ալեւիները «անհաւատ» կը կոչէին», ընդգծեց Միհրան Փրկիչ:

Ան նշեց, որ տէրսիմահայերը երկու անգամ ապրած են ոչնչացման վտանգը ու մինչեւ օրս կը վախնան իրենք զիրենք հայեր կոչելէ:

Փրկիչ նաեւ վրդովումով նշած է, որ Թուրքիոյ, այսպէս կոչուած, պատմաբանները գիտեն ամէն ինչ, բացի Տէրսիմի իրադարձութիւններէն:

 

Share this Article
CATEGORIES