Հայերու Ոսկորներու Արտածումը. Ցնցիչ Պատմութիւն Մը` Պասքըն Օրանի Գրիչէն
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Ռատիքալ»-ի կիրակի 16 մարտ 2014-ի յաւելուածականին մէջ յայտնի հրապարակագիր Պասքըն Օրան ցնցիչ յօդուած մը ունէր, ուր կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս 1920-ական թուականներուն արտածումի նիւթ դարձած էին սպաննուած տասնեակ հազարաւոր հայերու ոսկորները:
Յօդուածին առաջին մասին մէջ Պասքըն Օրան կը պատմէ ատանացի Մանուէլ Քըրքեաշարեանի նոր մէկ յուշը, որ ձայներիզի վրայ արձանագրուած է եղեր անոր ձայնով: Ընթերցողները պիտի յիշեն, որ Պասքըն Օրան աւելի առաջ հրատարակած էր վերոյիշեալ անձին կողմէ իր ձայնով իսկ արձանագրուած զանազան յուշեր, 1915-ի տեղահանութեան տխուր օրերէն: Հիմա Պասքըն Օրան ձեռք անցուցած է նոյն Մանուէլ Քըրքեաշարեանի նոր մէկ պատմութիւնը: Այս վերջինը, կարճ տողերով, այսպէս պատմած է.
«Օր մըն ալ նայեցայ, որ ծանր բեռներով բեռնաւոր կառք մը եկաւ: Մինչեւ դուրս յորդելու աստիճան պարկերով լեցուն էր: Ըսի. «Այս որքա՜ն շատ բեռ դրուած է կառքին մէջ: Ծանր չէ՞»: Պատասխանեցին. «Ո՛չ, թեթեւ է, այդպէս կը տեսնուի, բայց ծանր չէ: «Շա՛տ լաւ, բայց այս պարկերուն մէջ ի՞նչ կայ» հարցուցի: Պատասխանեցին. «Անոնց մէջ կան ոսկորները այն հայ գաղթականներուն, որոնք Տէր Զօրի անապատները տարուեցան ու սպաննուեցան»: «Շա՛տ լաւ, բայց ի՞նչ պիտի ընեն այս ոսկորները»: «Եւրոպական ընկերութիւն մը եկաւ ու այս ոսկորները հաւաքել տալով` ուզեց, որ Ալեքսանտրեթ տարուի: Հոն շոգենաւ պիտի բեռցուին ու Եւրոպա պիտի ղրկուին»: Ի՞նչ պիտի ընեն այս ոսկորներով»: «Ատիկա չենք գիտեր», պատասխանեցին:
Եւ Քըրքեաշարեան այսպէս եզրակացուցած է.
«Ահաւասիկ, եւրոպացիները հայերը գործածեցին, անոնց մահուան պատճառ դարձան, հիմա ալ անոնց ոսկորները կը գործածեն իրենց բարիքին համար»:
Պասքըն Օրան Քըրքեաշարեանի այս վկայութիւնը փոխանցելու ընթացքին կը գրէ, որ թերեւս պիտի չհաւատար այս պատմութեան, բայց համացանցի վրայ կայքէջի մը մէջ տեսեր էր պատմաբան Վասիս Աչիտիսի մէկ գիրքին մասին հրատարակութիւն մը, ուր պատմուած է Քըրքեաշարեանի պատմածներուն զուգահեռ ու զանոնք կերպով մը հաստատող ուրիշ տեղեկութիւն մըն ալ: Այս ալ հետեւեալն է.
13 դեկտեմբեր 1924-ին Մուտանիայէն շոգենաւ մը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Մարսէյ ու ճամբուն վրայ կը հանդիպի Սելանիկ (Թեսաղոնիկէ): Այս շոգենաւին կրած բեռան տեսակը չէ արձանագրուած փոխադրութեան տետրակին մէջ, բայց բեռնակիրները զանոնք բեռցնելու ընթացքին անդրադարձած են, որ ատոնք մարդու ոսկորներ էին: Պատասխանատուներուն լուր կը տրուի, բայց վերէն եկած հրահանգներու լոյսին տակ կ՛արտօնուի, որ շոգենաւը ճամբայ ելլէ: Պատահարը շատ ալ անբնական չէ նկատուած: Տակաւին նոր պատահած էին Փոքր Ասիոյ սպանդները հայերու դէմ: Այս մասին լուր մը կը հրատարակուի 23 դեկտեմբեր 1924 թուակիր «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ: Հետեւեալը գրուած է հոն.
«Մարսէյի մէջ ամէն մարդ կը խօսի տարօրինակ պատահարի մը մասին: «Ջան» անուն անգլիական նաւ մը նաւահանգիստ եկած է եւ այդ նաւը կը կրէ 400 թոն մարդու ոսկոր: Կը պնդուի, որ նաւը ճամբայ ելած է Մարմարա ծովեզերքի Մուտանիա քաղաքէն եւ ատոնք Փոքր Ասիոյ մէջ սպաննուածներուն ոսկորներն են: Տարաձայնութիւն կայ այն մասին, թէ իշխանութիւնները հարցաքննութիւն պիտի ընեն այս առիթով:
Նոյն լուրը աւելի վերջ, 24 դեկտեմբեր 1924-ին հրատարակուեր է նաեւ «Միտի» թերթին մէջ: Հոն գրուած է հետեւեալը. «Այս ոսկորները կու գան Փոքր Ասիոյ մէջ հայերու դէմ կատարուած սպանդներու դաշտերէն»:
Պասքըն Օրան այս երկու պատմումները փոխանցելէ ետք կ՛ընէ այլազան խորհրդածութիւններ: Ներողութիւն խնդրելով հանդերձ այսպիսի տխուր պատմութիւն մը պատմած ըլլալուն համար, ան կ՛ըսէ, որ այս բոլորը մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանան, եթէ նկատի առնուի, որ այսօր ալ քաղաքագէտներ անվերապահ կերպով նախատական ու ատելավառ յայտարարութիւններ կ՛ընեն փոքրամասնութիւններու հասցէին: Այսօր ալ մարդիկ կրնան «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ հաւաքուիլ ու Կեցցեն Օկուն Սամասթները» պոռալ, եւ այս բոլորը ցոյց կու տան, որ նմանօրինակ ցեղապաշտներու արմատները կ՛երկարին ու կ՛երթան մինչեւ իթթիհատականները, «Այն իթթիհատականները, որոնց նկատմամբ այնքան ատելութիւն ունի Ա- Քէ-Փէ կուսակցութիւնը», կ՛եզրակացնէ Պասքըն Օրան որոշ հեգնանքով մը:

