Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ջաւախքէն Ժամանած Տաղանդաւոր Պատանիներ

10156158_10152440422958714_7363388258041148284_nԵրկուշաբթի, 7 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Ջաւախքէն ժամանած խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ` ընկերակցութեամբ իրենց պարուսոյցին եւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին: Անոնք Լիբանան ժամանած էին  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբին հրաւէրով` մասնակցելու Ջաւախքի մշակոյթի շաբթուան յայտագիրներուն:

Վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց պատանիները եւ շեշտեց Ջաւախքին կապուած մնալու հրամայականը: Ան ըսաւ, որ մենք բոլորս պարտաւոր ենք աշխատելու ի խնդիր Ջաւախքի առաւել հզօրացումին ու ծաղկումին եւ այս նուիրական գործին իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր մասնակցութիւնը բերելու: Վեհափառ հայրապետը պատանիներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ «դուք դեսպաններն էք Ջաւախքի ժողովուրդի ոգիին, հաւատքին ու պայքարին: Միշտ մնացէք կառչած ձեր իրաւունքներուն»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES