«Միասնաբար Ջաւախքի Համար» Եւ Ջաւախքի Հետ
5 ապրիլ 2014-ին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները բախտաւորութիւնը ունեցան սկաուտական հաւաքի ընթացքին հիւրընկալելու Ջաւախքի «Գոհանամք» եւ «Հայք» պարախումբերու պատանիները եւ անոնց պարուսոյցները: 2,5 ժամուան տեւողութեան ընթացքին արի-արենուշները եւ Ջաւախքի պատանիները ծանօթացան իրարու, խաղցան մարզական եւ սկաուտական խաղեր, զրուցեցին, երգեցին ու պարեցին:
Սկաուտները իրենց ջաւախեցի հայրենակիցներուն սորվեցուցին սկաուտական երգ մը եւ անոնցմէ սորվեցան ազգագրական պարեր, ինչպէս` Կարնոյ քոչարին, Քերծին եւ ուրիշներ: Թէեւ ժամանակը կարճ էր, սակայն Ջաւախքի շունչը զգալիօրէն լեցուց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբը: Անոնք քաղաքի ակումբէն մեկնեցան իրենց հետ տանելով մասնաճիւղին կողմէ փոքրիկ նուէրներ եւ սկաուտներուն խոստումը` կապ պահելու Ջաւախքի հետ եւ հետեւելու պարախումբի գործունէութեան:
Նշենք, որ սկաուտները դեկտեմբերին կայացած աշխատանքի մը միջոցով արդէն իսկ ծանօթ էին Ջաւախքին եւ անոր պահանջներուն: Աւելի՛ն` արենուշները նոյն շրջանին կազմակերպած էին «Միասնաբա՛ր Ջաւախքի համար» խորագիրով հանգանակութիւն մը, որմէ հաւաքուած 500 ամերիկեան տոլարի գումարը այս առիթով ղրկուեցաւ Ջաւախք` օժանդակելու համար շրջանին մէջ գործող երիտասարդական կեդրոններուն:
ՀՄԸՄ-Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

