Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պըժժէ-Ամշիթ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ եւ դարձի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Պըժժէ – Ամշիթ մրցումը:
Երեկոյեան ժամը 19:00-ին սկսելիք այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ նաեւ այլ մրցում մը, որ կ՛իյնայ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ: Անոր ընթացքին Պիլիվըրզ երեկոյեան ժամը 21:00-ին պիտի հիւրընկալէ Մութթահետը:
CATEGORIES Մարզական

