Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Արսէն Ջուլֆալակեան (ձախին)
Ֆինլանտայի Վանթա քաղաքին մէջ, իր աւարտին կը մօտենայ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:
75 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Արսէն Ջուլֆալակեան թէեւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, սակայն 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր ռուս մրցակիցէն` Ալեքսանտր Չեքիրքինէն (Ռուսիա), չյաջողեցաւ տիրանալ ոսկի մետալին եւ հանդիսանալ Եւրոպայի ախոյեան:
Աւարտականին, Ա. հանգրուանին, ռուս ըմբշամարտիկը 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Թէեւ Բ. հանգրուանը աւարտեցաւ Ջուլֆալակեանի յաղթանակով (3-0), սակայն կէտով մը նուազ ըլլալով իր մրցակիցէն, հայրենի ըմբիշը հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

