Անդրադարձ. Ոչ Թէ Հիւրընկալում, Այլ` Առեւանգում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Թուրքիա Սուրիայէն հայեր կը հիւրընկալէ»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ անոնց թիւը 18 է, իսկ ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթին, անոնց թիւը 19 է: Թուրքիայէն Քեսապ ներխուժած իսլամական զինեալները զանոնք փոխադրած են Ալեքսանտրէթի Եայլատաղ բնակավայրը, ապա զանոնք տեղափոխած են հայկական Վաքըֆ գիւղ:

Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին դէմ գործողութեան ծրագրման ընթացքին վստահաբար թրքական իշխանութիւններուն ուշադրութենէն չէր վրիպած այն իրողութիւնը, որ Քեսապի շրջանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր են, եւ շրջանին դէմ իր գործօն աջակցութեամբ զինուորական գործողութիւն մը անպայման միջազգային հասարակութեան մօտ ահազանգ պիտի հնչեցնէ` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը: Այդպիսի աղմուկի մը առաջքը առնելու եւ ինքզինք պաշտպանելու ենթահող պատրաստելու համար, ըստ երեւոյթին, վարձկան զինեալներուն խստօրէն հրամայուած է հայերուն եւ անոնց եկեղեցիներուն ձեռք չտալ, եւ այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել հայերու «հիւրընկալման» երեւոյթը: Թրքական իշխանութիւններուն հիւրընկալութիւնը սահմանափակուեցաւ 19 հայերով, որովհետեւ քեսապահայութեան մեծամասնութիւնը արդէն հեռացած էր իր հազարամեայ բնօրրանէն:

«Հիւրրիյէթ»-ի «Թուրքիա Սուրիայէն հայեր կը հիւրընկալէ» խորագիրը անմեղ չէ եւ ճշմարտութիւնը կ՛աղաւաղէ: Զարմանալի չէր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ «Հիւրրիյէթ»-ի տեղեկատուութեան համահունչ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց: Մուսա լերան Վագըֆ գիւղին մէջ գտնուող քեսապահայերուն հետ պատահածը հիւրընկալում չէ, այլ` առեւանգում, որովհետեւ անոնք իրենց ազատ կամքով Վագըֆ չմեկնեցան: «Հիւրընկալում» եզրի օգտագործումը առեւանգումը դրական գոյնով շպարելու փորձ մըն է: Այստեղ Վագըֆի հայկական գիւղ մը ըլլալը գործնական ընտրանք մը ըլլալուն կողքին հիւրընկալման պայմաններու որակը ընդգծելու կը ծառայէ: Ծերունիները Թուրքիա տարուեցան, երբ կ՛ուզէին երթալ Լաթաքիա` իրենց հարազատներուն մօտ: Անոնց ըսուեցաւ, որ զիրենք Լաթաքիա կը տանին, սակայն հակառակ ուղղութեամբ տարին եւ ծերունիները յանկարծ իրենք զիրենք գտան Թուրքիոյ մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանաբար անդրադարձաւ, որ «հիւրընկալման» թեզը խոցելի է եւ «Հիւրրիյէթ»-ի մէջ լոյս տեսած տեղեկատուութենէն մէկ օր վերջ որդեգրեց «ապահովութեան տրամադրման» թեզը, որ նոյնքան անհեթեթ է, որովհետեւ ոչ ոք իրենցմէ ատիկա խնդրեց: Ծերունիներուն գտնուած վայրերուն մէջ բախումներ չէին արձանագրուեր, եւ անոնց փափաքը իրենց հարազատներուն վերամիանալն էր:

Միջազգային կարմիր խաչը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ պէտք է անյապաղ աշխատանք տանին, որպէսզի առեւանգեալ ծերունիները վերամիանան իրենց հարազատներուն: Ընտանիքները պէտք է վայելեն անոնց օրհնաբեր ներկայութիւնը, իսկ ծերունիները իրենց կեանքին մնացեալ օրերը ապրին իրենց հարազատներուն կողքին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES