Դամասկոսը` Կրկին Հրասանդի Հրթիռներու Տարափին Տակ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող չորս օրերէն ի վեր տիրող որոշ դադարէ մը ետք Դամասկոս կրկին հրասանդի հրթիռներու տարափի տակ կ՛ապրի:
Սուրիական բանակի թնդանօթներու հարուածները ուղղուած են արեւելեան շրջաններէն Ժոպարի եւ այլ շրջաններու մէջ գտնուող զինեալներու կեդրոններուն:
Զինուորական ընդհարումները սաստկացած են զանազան ուղղութիւններու վրայ գտնուող Դամասկոսի արուարձաններու, մանաւանդ` Հարասթայի, Տումայի, արեւելեան Ղութայի եւ Մլեհայի մէջ, ուր բանակի զինուորական գործողութիւններու յառաջխաղացումին դիմաց, մայրաքաղաքի շարք մը թաղամասեր, ինչպէս` Պապ Թումա, Քասսա, Զապլաթանի եւ Ժարաման կ՛ենթարկուին հրթիռներու խտացած հարուածներու, որոնք նիւթական վնասներու կողքին պատճառեցին քանի մը զոհեր եւ վիրաւորներ:
CATEGORIES Գաղութային

