Տոնեցքը Անկախ Հանրապետութիւն Հռչակուեցաւ

Donetsk-0704Տոնեցքի շրջանային խորհուրդի երեսփոխանները եւ Ուքրանիոյ մէջ դաշնակցային պետութեան ստեղծման կողմնակիցները Տոնեցքի Ժողովրդական հանրապետութեան ստեղծումը յայտարարեցին:

Մէկ օր Տոնեցքի շրջանային պետական վարչութեան շէնքին մօտ բարձրացուած ռուսական դրօշը փոխարինուած է աւելի հսկայական դրօշով:

Անոնք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին դիմեցին` խնդրելով պաշտպանութիւն եւ շրջանին մէջ ժամանակաւոր խաղաղապահ ուժեր տեղակայել: Անոնք նշեցին, որ առանց ռուսական աջակցութեան դիւրին պիտի չըլլայ Քիեւի իշխանութիւններուն դէմ դնել:

Երէկ, ցուցարարներ գրաւեցին Տոնեցքի եւ Լուհանսքի մէջ գտնուող պետական ապահովութեան շէնքերը: Անոնք պարպեցին Լուհանսքի պետական ապահովութեան շէնքի զինանոցը:

Կիրակի օր ցուցարարներ գրաւած էին Տոնեցքի եւ Խարքովի շրջանային կառավարութեան շէնքերը:

Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսենի Եացենիուք ուքրանական կառավարութեան արտակարգ նիստի մը ընթացքին այս զարգացումներուն համար այպանեց Ռուսիան: «Ռուսիոյ ծրագիրը Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը ապակայունացնելն է, ծրագիրը օտար ուժերուն սահմանը կտրելով երկրին տարածքը գրաւելն է, ինչ որ մենք պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան:

Ան ըսաւ, որ ռուսական զօրքեր սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին: Լուհանսք քաղաքը Ռուսիայէն 25 քիլոմեթր առեւմուտք կը գտնուի:

Ուքրանական ոստիկանութիւնը փակեց Լուհանսք առաջնորդող ճամբաները, եւ յաւելեալ ուժեր շրջան ուղարկուեցան: Ուքրանիոյ ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ղեկավար Ատրիյի Փարուպիյի եւ ապահովական ծառայութեան ղեկավար Վալենթին Նալիվանիչենքօ քաղաք գործուղուեցան: Ներքին գործոց նախարար Արսէն Աւագով Խարքով կը գտնուի, իսկ առաջին փոխվարչապետ Վիթալի Եարեմա ուղղուեցաւ Տոնեցք: Ուքրանական կառավարութեան բանբեր մը ըսաւ, որ անոնք «անջատողականութեան դէմ քայլ առնելու ամբողջական լիազօրութիւն ունին»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն յայտնեց.«Մենք ուշադիր եւ անհանգստութեամբ կը հետեւինք իրադարձութեանց զարգացման»` աւելցնելով.«Մենք վճռականօրէն կը պաշտպանենք Ուքրանիոյ գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ այդ առումով կը պաշտպանենք Ուքրանիոյ կառավարութիւնը»:

Share this Article
CATEGORIES