Փութին Սուրիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ Մարզուած Ծայրայեղականներու Կողմէ Ռուսիոյ Դէմ Կատարուելիք Յարձակումներէ Կը Զգուշացնէ

Putin-0704Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զգուշացուց, որ հաւանական է, որ Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ մարզուած ծայրայեղականներ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրները օգտագործեն Ռուսիոյ եւ անոր դրացիներուն դէմ գործողութիւններ կատարելու համար:

Ան երէկ Ռուսիոյ դաշնակցային ապահովութեան մարմինի ղեկավարութեան ընդլայնուած նիստին ընթացքին շեշտեց, որ ռուսական իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն, որ երկրին մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցածին պէս քանդիչ նպատակներու գործադրութեան համար օգտագործուին:

Share this Article
CATEGORIES