Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն համեմատութիւնը 90 առ հարիւրի հասած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ Փարիզ կը գտնուի, շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ, որոնք շեշտած են, թէ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան հզօր նախագահի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն համար, որպէսզի անոնք կարենան իրենց կեցուածքները բաժնող եւ նպատակները իրագործող ատակ թեկնածուն հասցնել այդ պաշտօնին:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կառավարութեան ստանձնած պարտականութիւններէն կարեւորագոյնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Հըզպալլա յանձնառու է Լիբանանի բազմազանութեան պահպանումին:
ԿԱՐԳ մը տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ կիրակի գիշեր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի Պայատայի բնակարանին մէջ մատուցուած է ընթրիք մը, որուն ներկայ գտնուած են ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ այս հանգրուանին անկարելի է Լիբանանի մէջ համաձայնութիւն գոյացնել համախոհական նախագահի մը շուրջ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումին անհրաժեշտութիւնը` առանց խաբեբայութեան եւ յապաղումի:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ անկարելի է նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները առկայ են Մարտ 14-ի բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը կրնայ տնտեսական աղէտալի տագնապ մը պատճառել, եթէ զանոնք ապահովող եկամուտները զուգահեռաբար չճշդուին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն համար վաղը` չորեքշաբթի, 9 ապրիլը պիտի ըլլայ վճռական օր:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Քապալան Քապալան կոչ ուղղեց վաւերացնելու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ օրինական խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ ոչ ոք ակնարկութիւն կը կատարէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն
դիմադրող զէնքին մասին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ բանակը Լիբանանի պաշտպանութեան երաշխիքն է եւ ան ոչ ոքի հաշուետու պէտք է ըլլայ, բացի լիբանանեան պետութենէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր կոչ ուղղեց կառավարութեան Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հետ վարուելու իմաստով ամբողջական ծրագիր մը մշակելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փորձէ ինքզինք ներկայացնել իբրեւ համախոհական նախագահական թեկնածու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի մտավախութիւն յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը լիբանանցի իր հետեւորդներուն միջոցով կրնայ Արսալի մէջ դաւադրական ծրագիր մը գործադրել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լիբանանեան քաղաքական պատմութեան մէջ ամէնէն խնդրայարոյց անձնաւորութիւնն է:

