«Նախագահ Սլէյման Իր Կատարած Վերջին Յայտարարութիւններէն Ետք Կորսնցուց Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Նախագահելու Ատակութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մազարեհ Շեպաայի մէջ իսրայէլեան շրջուն ջոկատը թիրախ դարձուցած ականահարումին պատասխանատու է Դիմադրութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա դրուատեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը` աւելցնելով, որ պէտք չէ միայն բաւարարուիլ ապահովական եւ դատական մօտեցումով, այլեւ անհրաժեշտ է հետապնդել տնտեսական, ընկերային եւ բարգաւաճման ընդհանուր ծրագիրները:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պէտք է պետական հաստատութիւնները վերաշխուժացնել:
Պատասխանելով Հըզպալլայի կողմէ Ազգային երկխօսութեան վերջին նիստը պոյքոթի ենթարկելու մասին հարցումի մը` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Նախագահ Սլէյման իր կատարած վերջին յայտարարութիւններէն ետք կորսնցուց Ազգային երկխօսութեան նիստին նախագահելու ատակութիւնը»:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա պիտի զօրակցի այն թեկնածուին, որ ազգային մեծագոյն շահերը կ՛ապահովէ:
Սէյիտ Նասրալլա վերահաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ անոր նկատմամբ կատարուած արտաքին օժանդակութիւնները` ի բացառութիւն Իսրայէլի:

