Ժոմպլաթ. «Նախագահական Ընտրութեան Պատճառով Լեռնալիբանանի Մէջ Քրիստոնեայ- Տիւրզի Բանավէճի Մը Հաւանականութիւնը Կանխարգիլելու Յանձնառու Եմ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք յանձնառու է կանխարգիլելու Լեռնալիբանանի մէջ քրիստոնեայ-տիւրզի որեւէ բանավէճ, որ կրնայ արձանագրուիլ նախագահական ընտրութեան պատճառով:
«Նախանձախնդիր կը մնամ պահպանելու Լեռնալիբանանի քրիստոնեայ եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ գոյացած հաշտութիւնը, որ մարոնի համայնքի նախկին Սֆէյր պատրիարքին Լեռնալիբանան այցելութեամբ ամբողջացած էր», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

