Ռայի Պատրիարք. «Ոչ Ոքի Կրնամ Արգիլել Նախագահական Թեկնածու Ներկայանալէ Եւ Ոչ Ոք Կրնամ Նախագահ Նշանակել»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ժընեւ` ընկերակցութեամբ մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսին եւ Պքերքէի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատի:
Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը մինչեւ ուրբաթ մնայ Ժընեւի մէջ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրաիմիի հետ:
Ռայի պատրիարքը ճամբելու նպատակով օդակայան ուղղուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, նախարար Սըժաան Քազզի: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց իր կեցուածքը նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ:
Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը հրաւիրելու` օրէնսդրական լիագումարներուն աւարտէն անմիջապէս ետք:
«Մենք կարիքը ունինք հզօր նախագահի մը, եւ հզօր նախագահ մը նախ եւ առաջ կ՛ըլլայ բարոյականի տէր անձ մը, ինչպէս նաեւ իր կենցաղով եւ պատմական փորձառութեամբ կ՛ըլլայ օրինակելի տիպար մը: Նոր նախագահը հզօր կը դառնայ, երբ լիբանանեան պետութեան հաւատայ եւ երկրին վերադարձնէ անոր արժանապատուութիւնն ու օժանդակէ պետական հաստատութիւններուն` վերստանձնելու իրենց դերակատարութիւնը: Նորընտիր նախագահը հզօր կը դառնայ, երբ սիրուած ըլլայ լիբանանցիներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ վայելէ արաբական, շրջանային եւ միջազգային հեզասահ յարաբերութիւններ:
«Ոչ ոքի կրնամ արգիլել նախագահական թեկնածու ներկայանալէ եւ ոչ ոք կրնամ նախագահ նշանակել, սակայն հանրապետութեան նախագահին կարողութիւններն ու սկզբունքները վերոնշեալ ձեւով կրնամ ներկայացնել», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ անիշխանութիւնը անընդունելի է եւ Լիբանանի համար մահացու պիտի ըլլայ:

