Թրիփոլիի Մէջ Բանակը Կը Շարունակէ Ձերբակալութիւնները
Հիւսիսային Լիբանանի եւ յատկապէս Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրին շրջագիծին մէջ, բանակը երէկ շարունակեց իր ձերբակալութիւնները:
Ժապալ Մըհսենի Ռիվա եւ Պարրանիէ շրջաններուն մէջ բանակը ձերբակալեց զինեալ բախումներուն 20 փուլերուն ընթացքին բացուած ճակատներուն պատասխանատուները, որոնք էին` Ամմար Ալի Ապտել Ռահման եւ Ժալալ Հասան Հաժժի:
Ժապալ Մըհսենի մէջ բանակը գրաւեց զէնքեր ու նռնականետեր:
Պապ Թըպպանէի պարագային, բանակը մուտք գործեց Պապ Թըպպանէի շրջանի զինեալ ճակատներու պատասխանատուներէն Զիատ Ալուքիի կեդրոնը, ուր գրաւեց մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք:
Բանակը ձերբակալեց նաեւ Պապ Թըպպանէի Պաքքար շրջանի զինեալ բախումներու ճակատի պետ Խալետ Ապտել Սալամ Շէյխոն:
Նշենք, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան զուգահեռ պիտի ընթանայ նաեւ շրջանին վերաշինութիւնն ու բարգաւաճման ծրագիրի գործադրութիւնը:

