Պըրրի – Ուահապ Հանդիպում

Ուահապ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուին, յատկապէս հոն, ուր մնայուն կերպով միջադէպեր կ՛արձանագրուին:
Ան ցաւ յայտնեց պաղեստինեան Միէ-Միէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպին համար եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը վայելեն երկրին քաղաքական հովանաւորութիւնը:
«Կը կարծէինք, որ Թրիփոլին պիտի վերածուի միլիսներու իշխանութեան տակ գտնուող պետութեան մը, սակայն մեզի համար զարմանալին այն էր, որ Թրիփոլիի 98 առ հարիւրը պետութեան կողքին կը կանգնէր եւ բանակին կը զօրակցէր` ընդդիմանալով իրենց դէմ գործուող բոլոր դաւադրութիւններուն», շեշտեց Ուահապ:
Ան ըսաւ, որ նախքան 15 մայիսը Պըրրի խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստի մը, ինչպէս նշուած է երկրին սահմանադրութեան մէջ: «Խորհրդարանի նախագահը նախանձախնդիր է նախագահական ընտրութիւնը կատարելու առումով:
Պըրրի ընդունեց նաեւ իր կազմած երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը, որ նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարը քննարկելու առումով այցելեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերու ղեկավարութիւններուն:
Նիստին ընթացքին պատուիրակութիւնը Պըրրիի փոխանցեց իր կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կ՛ուղղուին ներկայ գտնուելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նպատակով գումարուելիք խորհրդարանի լիագումարին:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ:

