Պաղեստինեան Միէ-Միէ Գաղթակայանին Մէջ Զինեալ Բախումներ

MiehMiehԵրէկ կէսօրէ առաջ Սայտայի պաղեստինեան Միէ-Միէ գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին 8 զոհ եւ 10 վիրաւոր:

Միէ-Միէ գաղթակայանին մէջ ինկած զոհերէն են Ահմետ Ռաշիտ, ծանօթ` իբրեւ Ահմետ Ատուան եւ անոր եղբայրները` Ռաշիտ Ռաշիտ եւ Մոհամետ Ռաշիտ:

Ահմետ Ռաշիտ «Վերադարձ» փաղանգներու ղեկավարն է. այս փաղանգները պաղեստինեան ինքնութիւն ունին եւ կը գտնուին պաղեստինեան Միէ-Միէ գաղթակայանին մէջ:

«Վերադարձ» փաղանգներու զինեալները բախումներ ունեցան Ժամալ Սլէյմանի ղեկավարած «Անսար Ալլահ» խմբաւորումին հետ, հետեւաբար Սայտայի մէջ արձանագրուած ապահովական այս միջադէպը միջպաղեստինեան բնոյթ ունէր:

«Անսար Ալլահ» խմբաւորումը երէկ առաւօտեան յարձակում մը գործած էր «Վերադարձ» փաղանգներու կեդրոնին վրայ եւ զայն գրաւած:

Լիբանանեան բանակը, որ կը գտնուի պաղեստինեան Միէ-Միէ գաղթակայանին մուտքին, որդեգրեց ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ փակեց գաղթակայան տանող բոլոր մուտքերը:

Յայտնենք, որ բախումէն շուրջ չորս ժամ ետք կարելի եղաւ համեմատական խաղաղութիւն հաստատել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES