Նախագահ Սլէյմանի Գլխաւորութեամբ Ապահովական Յատուկ Նիստ

Ապահովական նիստէն պահ մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սալամ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքը որդեգրուած ապահովական ծրագիրին գործադրութեան հոլովոյթը` դիւրացնելու համար երկրին ապահովական կայունութեան հաստատումը:
Նախքան ապահովական նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցաւ այսօր կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին օրակարգը:
Նշենք նաեւ, որ նախագահ Սլէյման դրուատեց շիճուկի (սերոմ) յատուկ գործարանի փակումին քայլը` ընդգծելով լիբանանցի քաղաքացիին առողջապահութեան նկատմամբ պետութեան յանձնառութիւնը:

