Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Այսօր Պիտի Շարունակեն Աշխատավարձի Յաւելումներուն Քննարկումը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրով չորեքշաբթի, 9 եւ հինգշաբթի, 10 մարտին խորհրդարանը պիտի գումարէ ցերեկային եւ գիշերային օրէնսդրական լիագումար նիստեր, որոնց ընթացքին պիտի քննարկէ խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստերէն փոխանցուած օրինագիծերը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի յանձնախումբերը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեցին միացեալ նիստեր, որոնց ընթացքին շարունակեցին քննարկել պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը, որուն քննարկումը միացեալ այլ նիստի մը ընթացքին պիտի շարունակուի այսօր եւս:

Յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական եկամուտի այն աղբիւրները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ֆինանսաւորել աշխատավարձի յաւելումները:

Միացեալ նիստերուն ընթացքին երեսփոխանները քննարկեցին պերճանքի արտադրութիւններու եւ ոգելից ըմպելիներու յաւելուած արժէքի տուրքը 10 առ հաիւրէն 15 առ հարիւրի համեմատութեամբ բարձրացնելու կարելիութիւնները:

Մինչ երեկոյեան նիստը խորհրդարանին մէջ կը շարունակուէր, խորհրդարանի մուտքին Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ ընդգծեց, որ խորհրդարանին մէջ գտնուող երեսփոխաններուն իրենց փոխանցելիք պատգամը է այն, որ երկուքուկէս տարուան խեղկատակութիւնը պէտք է այսօր կամ վաղը վերջ գտնէ:

Մահֆուտ դրուատեց խորհրդարանի նախագահին առած քայլը` աւելցնելով, որ աշխատավարձի յաւելումները օրէնսդրական նիստի օրակարգին վրայ չտեղադրելու պարագային չորեքշաբթի առաւօտեան երկրին մէջ ըմբոստութիւն մը պիտի վկայեն. ան նշեց, որ վաղը յետմիջօրէին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պիտի յայտարարէ իր առնելիք մագլցողական քայլերը:

Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ նախագահութեամբ Հաննա Ղարիպի շեշտեց, որ Կեդրոնական  դրամատան կառավարիչին կողմէ կատարուած առաջարկը` յաւելումները մասնավճարներով կատարելու մասին, մերժելի է:

«Խստիւ կը մերժենք այդ դրութիւնը, եւ եթէ այդպէս պիտի ըլլայ, ապա լիբանանեան պետութենէն պիտի պահանջենք 18 տարուան յետնեալները շնորհել մեզի, սկսեալ 1996-էն», ըսաւ Ղարիպ:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան գումարուած նիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ աշխատավարձի յաւելումները կատարելու թղթածրարին առումով առաջարկեց հինգ տարուան մասնավճարի դրութեամբ կատարել իր պաշտօնեաներուն նկատմամբ պետութեան ունեցած նիւթական պարտաւորութիւնները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, որ նախագահեց խորհրդարանի յանձնախումբերուն միացեալ նիստին, հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Նիքոլա Շամմաս այդ խորհուրդներուն անունով վերահաստատեց իր կեցուածքը` շեշտելով, որ յաւելումները կատարելու քայլը երկրին համար վտանգաւոր պիտի ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES