Ընկերվար Միջազգայնականի Փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան Կիպրոսի Մէջ` Ընկերվարական Կուսակցութեան Հրաւէրով

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննակիս Օմիրու եւ Մարիօ Նալպանտեան

Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննակիս Օմիրու եւ Մարիօ Նալպանտեան

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը եւ «Արձագանգ» կը հաղորդեն, որ Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով Կիպրոս երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան:

31 մարտի առաւօտեան Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ հիւրընկալ ԷՏԷԿ կուսակցութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ` Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքագէտներու աւագ սերունդի կարկառուն ներկայացուցիչ տոքթ. Վասոս Լիսարիտիսի հետ, որ խանդավառութեամբ յիշած է 1999-ին ՀՅԴ-ի հրաւէրով Հայաստան իր այցելութիւնը:

Նոյն օրը Մարիօ Նալպանտեան հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Կասուլիտիսի հետ. քննուեցան Հայաստանն ու Կիպրոսը յուզող զանազան հարցեր: Նախարար Կասուլիտիս դարձեալ հաստատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք հետզհետէ կը դառնան աւելի արդիւնաւոր: Շրջանային հարցերու կարգին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ պարագան, երբ Մարիօ Նալպանտեան նախարարին ուշադրութեան յանձնեց ծայրայեղականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած Քեսապի պարագան, ուր թրքական պետութեան մեղսակցութիւնը ակնյայտ է:

Մարիօ Նալպանտեան ապա ընդունուեցաւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան եւ ԷՏԷԿ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրուի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին քննուեցան Կիպրոս-Հայաստան խորհրդարանական կապերը, որոնք բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին: Խորհրդարանի նախագահը տեղեկութիւններ տուաւ կիպրական հարցի լուծման բանակցութիւններու ներկայ փուլին մասին, միեւնոյն ատեն յայտնելով իր մտահոգութիւնները որոշ զարգացումներու նկատմամբ: Երկուստէք շեշտուեցաւ նաեւ ԷՏԷԿ-ՀՅԴ միջկուսակցական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու եւ համագործակցութեան ծրագիրներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը:

Կէսօրէ ետք Մարիօ Նալպանտեան տեսակցութիւն ունեցաւ ԷՏԷԿ-ի կնոջական բաժինի պատասխանատուներուն հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում` կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի կազմին հետ, ուր քննարկուեցան երկու երկիրները յուզող շրջանային զանազան հարցեր եւ միջազգային քաղաքական զարգացումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES