Թեհրանի Մէջ Քեսապահայերու Զօրակցութեան Հաւաք

Լուսանկարը` ԱՐՏԵՄ ՂԱՐԻԲԵԱՆի
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թեհրանի Սասուն թաղամասի Ս.Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ 6 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած է հաւաք` առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան: Հաւաքը տեղի ունեցած է Թեհրանի հայոց թեմին հովանաւորութեամբ: Նախաձեռնութեան հեղինակները նշած են, որ նմանօրինակ ձեռնարկները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ Ցեղասպանութեան շարունակութեան հարցն ու խնդիրը կայ:
Հաւաքի ընթացքին խօսք առած են Իրանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, կարդացուած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք.Սարգիսեանի ուղերձը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Այսօր ամբողջ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի ելած է եւ կը փորձէ օգնութեան հասնիլ սուրիահայութեան եւ կը հասնի: Միւս կողմէ, աւելի վճռորոշ ու հաստատակամ կը կառչի իր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ կը պայքարի ամբողջական հայրենիքի ու ժողովուրդի ակնկալիքով»:
Իրանահայ համայնքը նաեւ իր բողոքը արտայայտող գրութիւն յղած է Իրանի մէջ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն, Ռուսիոյ, Ճափոնի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Քանատայի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան: Գրութեան մէջ ներկայացուած են Քեսապի վերջին դէպքերը: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորէ, որ վերջ պիտի դրուի բռնութեան եւ փոքրամասնութիւն կազմող քաղաքացիներու իրաւունքներուն ոտնահարման, եւ որ Թուրքիան պիտի պատժուի ու պիտի նախազգուշացուի ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ շարունակական համագործակցութեան համար», կ՛ըսուի անոնց ուղղած գրութեան մէջ:
Հաւաքին ներկայ եղած են նաեւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, Հայաստանի հիւպատոսը եւ խորհրդականը, «Ալիք» օրաթերթի եւ թեհրանահայ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը երէկ քեսապահայերու աջակցութեան դրամատնային հաշիւին 1 միլիոն դրամ փոխանցեց:

