Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Պիտի Արծարծուի Ազգերու Ինքնորոշման Հարցը

Rousdamian0704Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեան հարցի քննարկումը շատ կարեւոր նկատեց: «Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին կը բարձրացուի ոչ միայն Քեսապի հարցը, այլ ուրիշ կարեւոր խնդիր մը եւս: Խրիմի դէպքերուն պատճառով Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը ձայնի իրաւունքէ զրկելու հարցին առումով, այնտեղ մենք պէտք է պաշտպանենք ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գերակայ ըլլալու հանգամանքը, որպէսզի մեր դիրքորոշումը չդիտուի իբրեւ Ռուսիոյ կողքին կամ անոր յարակից ըլլալու փաստարկ: Մեր գլխաւոր փաստարկն է Եւրոպական խորհուրդին հասցնել, որ եթէ ատիկա որոշ քաղաքական նկատառումներով հակառուսական տրամադրութիւն ունի, չվերածէ ատիկա իր արժեհամակարգին դէմ պայքարի», «Արմենփրես»-ին յայտնեց Արմէն Ռուստամեան: Ըստ պատգամաւորին, եւրոպական արժեհամակարգի բաղադրիչ մասը ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումն է, որ ի վերջոյ պիտի ըլլայ գերիշխող արժէք: «Ուշ կամ կանուխ բոլորը պիտի հասկնան, որ ժողովուրդի կամքին հակառակ պէտք չէ որոշումներ կայացնել` ըլլայ ատիկա Խրիմի մէջ, թէ այլ տեղ», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան:

Սթրազպուրկի մէջ 7 ապրիլին սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանը, ուր հայկական պատուիրակութիւնը պիտի բարձրացնէ Քեսապի, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի մօտ գերի բռնուած Յակոբ Ինջիղուլեանի հարցերը:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամները քուէարկութեան պիտի դնեն Խրիմի դէպքերուն պատճառով Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը ձայնի իրաւունքէ զրկելու հարցը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES