Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Քեսապէն Փախուստ Տուած 18 Հայերու Ապահովութիւն Տրամադրելու Աշխատանք Կը Տանինք»

TFMԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին հետ աշխատանք կը տանի Քեսապէն փախուստ տուած 18 հայերու ապահովութիւն տրամադրելու:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարած է, որ երկրին դռները բաց են բոլոր սուրիացի գաղթականներուն առջեւ` առանց յարանուանական, կրօնական կամ ազգային խտրութեան: Նախարարութիւնը նշած է, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին հետ կը գործակցի` Քեսապի եւ մերձակայ շրջաններէն փախուստ տուած հայերուն ապահովութիւն տրամադրելու համար:

Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, որ մօտէն կը հետեւի Քեսապի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ Սուրիայէն  Թուրքիա փախուստ տուած քաղաքայինները պաշտպանելու եւ որեւէ վնասէ հեռու պահելու գծով անհրաժեշտ միջոցառումները կ՛որդեգրէ, ինչպէս նաեւ այս առումով իր կատարած իւրաքանչիւր քայլէ տեղեակ կը պահէ ՄԱԿ-ը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ 18 հայեր 5 ապրիլին մուտք գործած են Թուրքիա եւ ներկայիս կը մնան «Վագըֆ գիւղին մէջ ապրող իրենց ազգականներուն մօտ(…) Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի գիտութեամբ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES