ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ Պէյրութի մէջ իրենց համագումարը կայացնող արաբական երկիրներու առողջապահութեան նախարարներուն պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին առողջապահութեան նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` արաբ առողջապահութեան նախարարներուն համագումարը հովանաւորելուն համար, աւելցնելով, որ համագումարին աւարտին անկէ բխելիք բանաձեւերը նախագահ Սլէյմանին պիտի ներկայացուին տեղեկագիրի մը ընդմէջէն:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման ողջունեց համագումարին մասնակցող արաբ առողջապահութեան նախարարները` շեշտելով միջարաբական համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը: