«ՍԻՒՐՖԱՍ ԼԻՊՐ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ` ԶՈՀՐԱՊԻ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԵՏԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ 37-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ անուանի արուեստագէտ Զոհրապի անհատական գործերու 37-րդ ցուցահանդէսին բացումը` «Աստուծոյ գետը» նիւթով:

Ցուցահանդէսին Զոհրապ հանրութեան ներկայացած էր 56 իւղաներկ, ջրաներկ, մատիտ, աքրելիք պաստառներով, որոնք զանազան չափի էին:

Ըստ Զոհրապի, Աստուած ստեղծող է եւ ինք մարդ անհատին տուած է ստեղծագործելու կարողութիւնը: Ան մարդկութեան շնորհած է առատաձեռնութիւն, ինչպէս նաեւ արուեստի գիտութիւն: Առանց Աստուծոյ կողմէ տրուած նշեալ շնորհներուն, մարդ չի կրնար արուեստագէտ դառնալ:

«Աստուծոյ գետը» կը խորհրդանշէ ջուրը, որ կեանք է մարդկութեան եւ բուսականութեան համար: Առուակի հոսող ջուրը դէպի ծով կ՛երթայ եւ կը նորոգէ ինքզինք:

Զոհրապի պաստառները լի են երաժշտութեամբ: Հակառակ հոն պատկերուած հին պայքարներուն, անոնք կ՛երգեն մարդկային հարազատ խաղաղութիւնը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 23 մարտ եւ բաց է ամէն օր` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Share this Article
CATEGORIES