Ի՞ՆՉ Է ՍՈՒՄՈՆ

Անոնք գէր են, շատ գէր, հսկայ, կրնան մինչեւ երկու հարիւր ութսուն քիլօ կշռել: Անոնք գրեթէ մերկ են եւ մազերնին շինիոն ըրած են. անոնք կ՛օրօրուին, գետինը աղ կը թափեն, ապա իրարու վրայ կը նետուին` զայրացած երկու ռնգեղջիւրներու նման: Անոնք րիքիշներ են, սումօ խաղացողներ:

Սումոն գօտեմարտ մըն է, որ Ճափոնի մէջ տարածուած է 6-րդ դարէն սկսեալ: Խաղին օրէնքը շատ դիւրին է. երկու կռուողները կը գտնուին 4,55 մեթր տրամագիծ ունեցող շրջանակի մը ծայրերը: Երբ նշանը կը տրուի, անոնք իրարու վրայ կը նետուին` դիմացինը այդ շրջանակէն դուրս հանելու կամ գետին ձգելու համար: Գետին դպչող մատ մը նոյնիսկ կրնայ պարտութիւն պատճառել:

Սակայն կռիւը սկսելէ առաջ, կռուողները յատուկ ծէս մը կը կատարեն. անոնք իրենց ոտքերը գետին կը զարնեն` գէշ ոգիները հեռացնելու համար, շրջանակին վրայ աղ կը թափեն` զայն մաքրելու համար, եւ իրենց բերանը ջուրով կը ցողուեն:

Այս շատ յարգուած րիքիշները գրեթէ վանականներու նման դժուար կեանք մը ունին: Անոնք կ՛արթննան առտուան ժամը հինգին. առանց նախաճաշի փորձ կ՛ընեն մինչեւ ժամը տասնմէկ, կէսօրուան ճաշը բաղկացած կ՛ըլլայ մեծ քանակով բրինձէ, հաւէ եւ բանջարեղէններէ: Ապա կը հանգստանան, իսկ ընթրիքը կէսօրուայ նման կ՛ըլլայ:

Սումոյի կռուողները ամէն օր կ՛ուտեն տասը հազար ջերմուժ ունեցող ճաշ, որ կը համապատասխանէ երեսունհինգ համպըրկըրի` առանց քեչափին:

 

ԹԵՆԻՍ

ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՏԱԼ

2010-ին աշխարհի թիւ 1 դասուած «Ռաֆա» յառաջիկայ օրերուն դարձեալ պիտի փորձէ Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը շահիլ: Ան նախորդ ամիսներուն արդէն արժանացած էր Ռոլան-Կարոսի մրցաշարքի առաջնութեան` 6-րդ անգամն ըլլալով, շուէտացի խաղացող Պիորն Պորկի նման, որ ութը մասնակցութիւններու արձանագրած է այս մրցանիշը, մինչ Նատալ 6 յաղթութիւն արձանագրած է միայն եօթը մասնակցութեան ընթացքին: Սակայն Նատալ արդէն պատմութեան մէջ արձանագրուած անուն եղաւ, որովհետեւ աշխարհի մէջ Կրան Շելեմի չորս մրցաշարքերուն յաղթող միակ չորս խաղացողներէն ամէնէն փոքրն է: Միւս խաղացողներն են` Ռոտ Լավէր, Անտրէ Ակասի եւ Ռոժէ Ֆետերեր: Կրան Շելեմի չորս մրցաշարքերն են Աւստրալիոյ օփընը, Ուիմպըլտընը, Ռոլան-Կարոսը, Իուէս օփընը:

«ՄԱՆԱՔՈՐԻ ԷԼ ԹՕՐՈՆ»

Այս ծածկանունը Ռաֆայէլ ստացած է շնորհիւ իր ուժին եւ իր ծագումին: Սպանացին ծնած է Մանաքորի մէջ, Պալէար կղզիներ (3 յունիս 1986-ին): Ան հոն սկսած է թենիս խաղալ 4 տարեկանէն եւ 8 տարեկանին շահած իր պաշտօնական առաջին մրցաշարքը: Իր մարզանքի կօշիկներուն վրայ կարելի է կարդալ «Ռաֆա», իր միւս ծածկանունը եւ ճանչնալ իր խորհրդանիշը` ցուլի մը գլուխը:

ԱՋԼԻ՞Կ, ԹԷ՞ ՁԱԽԼԻԿ

Ամէնօրեայ կեանքին մէջ Ռաֆայէլ աջլիկ է: Սակայն մարզադաշտերուն վրայ միւսներէն շատ աւելի զօրաւոր հարուածող այս խաղացողը հանճարեղ ձախլիկ մըն է: Անոր հակառակորդները, որոնք յաճախ աջլիկ են, կը վախնան անոր բուռն արագացումներէն:

ԵՐԿՈՒ ՁԵՌՔԵՐՈՎ

Իր փոքր տարիքէն Ռաֆայէլ կը մարզուի իր հօրեղբօր` Թոնի Նատալի կողմէ: Այս վերջինն է, որ զայն համոզած է ձախ ձեռքով խաղալ: Անոնք միասին աշխատած են երկու ձեռքերով զարկերուն մարզումին վրայ: Այս հազուագիւտ ճշգրտութեամբ եւ ուժով զարկը անոր կարելիութիւն կու տայ հակառակորդը դաշտին խորքը հրելու:

ԿՐԱՆ ՇԵԼԵՄԻ ՉՈՐՍ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐԸ

  • Աւստրալիոյ օփըն

Վայր – Մելպուրն, Աւստրալիա
Թուական – յունուար ամսուան երկրորդ տասնհինգ օրը
Դաշտ – արուեստական:

  • Ռոլան – Կարոս

Վայր – Փարիզ, Ֆրանսա
Թուական – մայիս-յունիս
Դաշտ – հող:

  • Ուիմպըլտըն

Վայր – Լոնտոն, Անգլիա
Թուական – յունիս-յուլիս
Դաշտ – խոտ:

  • Իուէս օփըն

Վայր – Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ
Թուական – օգոստոս
Դաշտ – արուեստական:

 

ՀԱՐՑԱՐԱՆ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

1) Քանի՞ ոտք ունի մրջիւնը:

ա – 6, բ – 4 , գ – 8:

2) Ո՞ւր կ՛ապրին բեւեռային արջերը:

ա – Քանատայի մէջ, բ – Հիւսիսային բեւեռին մէջ, գ – Իսլանտայի մէջ:

3) Քանի՞ շօշափուկներ ունի հսկայ ընգղայ մը:

ա – 8 , բ – 10, գ – 6:

4) Ո՞վ է Փանամարէնքոն:

ա – Հռոմէացի զօրավար մը, բ – Պելճիքացի արուեստագէտ մը – գ – Հնդիկ աստուած մը:

5) Ի՞նչ կը կոչուի այն փէշը, զոր սկովտիացի այր մարդիկը կը հագնին` իբրեւ ազգային-աւանդական տարազ:

ա – Ճիլլապա, բ – Քիլթ, գ – Քիմօնօ:

6) Ի՞նչ է անգլիացի «պոպի» մը:

ա – Շուն մը, բ – Ոստիկան մը, գ – Մեթրօ փոխադրակառք մը:

7) Ո՞ր երկրին մաս կը կազմեն Հաուայի կղզիները:

ա – Միացեալ Նահանգներ, բ – Մեքսիքա, գ – Պրազիլ:

8) Ի՞նչ կը կոչուի Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը:

ա – Մոն Պլան, բ – Քիլիմանճարօ, գ – Շէվլինկ:

9) Աշխարհի ո՞ր շրջանին մէջի առաջին բնակիչները կոչուած են «ապորիճինի»:

ա – Ամերիկա, բ – Աւստրալիա, գ – Չինաստան:

10) Ո՞ւր կ՛ապրէին ազթէքները:

ա – Քանատայի մէջ, բ – Մեքսիքայի մէջ, գ – Աւստրալիոյ մէջ:

11) Ո՞վ գրած է «Իլիական» եւ «Ոդիսական», նշանաւոր գործերը:

ա – Հոմերոս, բ – Արիսթոթ, գ – Մեծն Աղեքսանտր:

12) Ինչո՞ւ յունական տաճարները այդքան շատ սիւներ ունէին:

ա – Տանիքը տանելու համար, բ – Որպէսզի տաճարը գեղեցիկ ըլլայ, գ – Իւրաքանչիւր աստուծոյ համար սիւն մը յատկացուած է:

13) Հետեւեալ բանջարեղէններէն ո՞ր մէկը գետնին տակ չի բուսնիր:

ա – Ծնեբեկը, բ – Գետնախնձորը, գ – Լոլիկը:

14) Քանի՞ ակռայ ունի չափահաս մը:

ա – 28, բ – 30 , գ – 32:

15) Մէկ վայրկեանին մէջ քանի՞ անգամ կը շնչենք:

ա – 12-15 անգամ, բ – 25-30 անգամ, գ – 55-60 անգամ:

16) Ի՞նչ գոյն է ամէնէն բարձր մակարդակի գօտին քարաթէի մարզաձեւի:

ա – Կանաչ, բ – Նարնջագոյն, գ – Սեւ:

17) Ուիմպըլտընի դաշտերուն վրայ ի՞նչ տեսակ գետնի վրայ թենիս կը խաղան:

ա – Հարտքոր (կարծր գետին), բ – Խոտ, գ – Հող:

18) Որքա՞ն է ողիմպիական լողարանի մը երկայնքը` մեթրով:

ա – 50 մեթր, բ – 100 մեթր, գ – 25 մեթր:

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ՝  ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ՄՏԱԾԵՆՔ

Վարի տախտակին վրայէն անցնող գիծը կ՛անցնի տուփիկներէ, որոնց գումարը հաւասար է 19-ի (4+9+5+1): Ո՞րն է ամէնէն բարձր գումարը, որ կրնաս ստանալ մէկ ուղիղ գիծով մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ՝ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 99` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել եռանկիւնը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է վարի երկու կլորակներուն մէջի թիւերուն գումարումին: Ճերմակ թիւը 7 պէտք է ըլլայ, որովհետեւ 3+4=7:

Կէտ մը պարունակող բաժինները ներկէ գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ
ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1) Մրջիւնները վեց ոտքեր ունին: Այս միջատէն 6000 տեսակ կայ: Ան «ընկերութեան» մէջ կ՛ապրի:
2) Բեւեռային արջերը կ՛ապրին Հիւսիսային բեւեռին մէջ: Անոնց մուշտակը ճերմակ կամ բաց սրճագոյն է, եւ անոնք աներեւոյթ կ՛անցնին սառոյցէ այդ տեսարաններուն մէջէն:
3) Հսկայ ընգղայ մը ունի 8 թեւեր: Ան կ՛արձակէ մութ գոյնով հեղուկ մը (մելան), որ ջուրը կը պղտորէ եւ ընգղային կարելիութիւնը կու տայ իր թշնամիներուն դիմացէն աներեւութանալու:
4) Փանամարէնքոն պելճիքացի արուեստագէտ մըն է, որ նշանաւոր է իր հսկայական շինութիւններով, ինչպէս` օդանաւեր եւ սուզանաւեր:
5) Սկովտիոյ մէջ այր մարդիկ կը հագնին «քիլթ» կոչուած փէշը` իբրեւ աւանդական տարազ:
6) «Պոպի» կը կոչեն անգլիացի ոստիկան մը:
7) Հաուայ Միացեալ Նահանգներու յիսուն նահանգներէն է: Հաուայ եւ Ալասքա երկու նահանգներ են, որոնք միւսներուն հետ սահման չունին:
8) Ափրիկէի ամէնէն բարձր գագաթը Քիլիմանճարոն է: Ան կը գտնուի Թանզանիոյ եւ Քենիոյի սահմանին վրայ. անոր բարձրութիւնը 5898 մեթր է:
9) Մինչեւ 1788 թուական Աւստրալիան ապորիճներուն հողն էր: Հետագային այս ցամաքամասը գործածուեցաւ իբրեւ բանտ անգլիացիներուն կողմէ:
10) Ազթէքները թափառաշրջիկ որսորդներ էին, որոնք Մեքսիքա հասան մօտաւորապէս 1200 թուականին:
11) Հոմերոս յոյն բանաստեղծ եւ երգիչ մըն էր, որ ապրած է Ք. Ա. մօտաւորապէս 800 թուականին: Ան գրած է մինչեւ հիմա մեզի ծանօթ յունական գրականութեան ամէնէն հին գործերը «Իլիական»ը եւ «Ոդիսական»ը:
12) Յունական տաճարները օրինակ մըն էին յունական թագաւորական հին պալատներուն, որոնք տախտակէ բազմաթիւ սիւներ ունէին` տանիքի ծանրութիւնը կրելու համար:
13) Լոլիկին համով պտուղը կը բուսնի գետնէն դուրս. ան կ՛ուտուի թէ՛ հում, թէ՛ ալ եփած` տարբեր ճաշերու մէջ:
14) Իր կեանքին ընթացքին մարդ արարածին ակռաները մէկ անգամ կը նորոգուին: Վեց տարեկանին շուրջ, կաթի ակռաները կը թափին եւ տեղ կու տան վերջնական 32 ակռաներուն:
15) Մենք մէկ վայրկեանին մէջ 12-15 անգամ կը շնչենք: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք նոյնքան անգամ ալ կը ներշնչենք ու կ՛արտաշնչենք:
16) Սեւ գօտին կը համապատասխանէ քարաթէյի մէջ ամէնէն բարձր մակարդակին:
17) Անգլիոյ Կրան Շելեմի մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ուիմպըլտընի խոտէ դաշտերուն վրայ:
18) Ողիմպիական լողարանի երկայնքը 50 մեթր է:

 

ՄՏԱԾԵՆՔ – ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Ամէնէն բարձր թիւը, զոր կարելի է ստանալ 31 է (4+9+5+7+6), ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES