Քարթինկ. Եամմին, Նըժէյմ Եւ Մաթար` Տիտղոսակիր

PROFOTO
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, «Փիթ-Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցաւ «Լիբանանի քարթինկի տարիքային ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
7-11 տարեկան դասակարգին մէջ (8 լեփ) առաջին հանդիսացաւ Շարպել Եամմին, որ արձանագրեց 7′ 38″ 952 արդիւնք մը:
12-14 տարեկան դասակարգին մէջ (20 լեփ), բաւական սուր պայքարէ մը ետք առաջին հանդիսացաւ Քրիսթոֆըր Նըժէյմ (14′ 18″ 550), մինչ, շատ չնչին տարբերութեամբ մը երկրորդ դիրքը գրաւեց Քրիսթոֆ Ռըզք (14′ 18″ 723):
15 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ (22 լեփ) առաջին հանդիսացաւ Սամեր Մաթար (15′ 42″ 33):
Վերջապէս, «Տի. Տի. 2» դասակարգին մէջ (22 լեփ) առաջին դիրքը գրաւեց Փաթրիք Նըժէյմ (15′ 13″ 007):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն:

