Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր շուրջը կան կարգ մը նշաններ, որոնք չեն խաբեր: Ուրեմն սիրոյ մթնոլորտ կը տիրէ ձեր շուրջը, անդրադարձէք եւ պատասխանեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր շուրջը կան մանուկներ, կամ ծնողք էք, ձեր զաւակները պիտի զարմանան եւ հիանան ձեր վրայ, որովհետեւ հմայիչ կը գտնեն ձեզ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մանկավարժ ըլլալը կարեւոր է, հարկ է հասկնալ անոնց հոգեբանութիւնը: Անոնց նուիրեցէք իրենց սիրած մէկ առարկան, որպէսզի գոհ եւ ուրախ մնան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք առաջնահերթութեան կարգով կատարելու պարտականութիւն: Ուշադիր եղէք, որպէսզի անիմաստ հարցերով ժամավաճառ չըլլաք նոյն ատեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր բախտը փորձեցէք անմեղ խաղով մը, ձեր սիրած բախտախաղի ձեւով: Կրնաք բախաւորուիլ եւ զուարճանալ: Այս ալ կարեւոր է տրամադրութիւն բարելաւելու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր փնտռած եւ փափաքած մէկ պիտոյքը պիտի գտնէք վաճառատան մը մէջ, զոր պիտի նկատէք հրաշքի համազօր իրողութիւն: Բախտաւոր էք եւ ուրախ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք տեսակ մը, խրթին ծրագիր, որ պիտի զբաղեցնէ ձեզ երկար ժամանակ: Կը սիրէք արտառոց հարցեր արծարծելը եւ անոնցմով զբաղիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կ՛ուզէք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ նորութիւններ ստեղծել, բայց նոյն ատեն ուշադիր եղէք, որ հանգրուանները արագ չփոխուին, կը վնասէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընթերցանութիւնը պիտի հետաքրքրէ ձեզ, գիրքերը լաւ բարեկամներ կ՛ըլլան յաճախ: Ձեր մտքին հորիզոնը պիտի ընդարձակուի այս ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կ՛ուզէք կարգ մը գնումներ կատարել, ունիք փափաքը նորութիւններ ներմուծելու ձեր տան մէջ: Ներկայիս ժամանակը յարմար չէ նման ծախսի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օգտաշատ զրոյց մը պիտի ունենաք անձի մը հետ, որ ձեզի պիտի փոխանցէ կարգ մը հետաքրքրական գիտելիքներ: Գիտցէք կարեւորութեամբ լսել զինք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ունիք ընտանի անասուններ, պէտք է հոգ տանիք անոնց առողջութեան: Դիմեցէք անասնաբուժի մը, որպէսզի հարկ եղած թելադրանքը ընէ:

