50 Տարի Առաջ (9 Ապրիլ 1964)
Պուրճ Համուտի Մարզաւանին
Հիմնարկէքը
Պուրճ Համուտի երիտասարդութեան տարիներու երազը վերջապէս իրականութիւն դարձաւ: Շաբաթ, 11 ապրիլ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ շրջանի մարզաւանի հիմնարկէքի արարողութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլի, որուն սրտին այնքան մօտիկ ձեռնարկի մը առաջին քայլը կ՛առնուի:
Պուրճ Համուտի մարզաւանին շինութիւնը մաս կը կազմէ ընդհանուր ծրագրի մը, որուն իրագործումը հետապնդուեցաւ քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ` շրջանի բնակչութեան ամէնէն հիմնական կարիքներուն գոհացում տալու նախանձախնդրութեամբ: Արդարեւ, նուազուրդի միջոցով, 26,000 լ. ոսկի մասնաւոր ընկերութեան մը յանձնուած են երեք ծրագիրներ, որոնցմէ մէկն է միայն մարզաւանին շինութիւնը: Միւս երկու ծրագիրներն են` շրջանի լուսազարդումը (նէոնով) եւ կոյուղիներու արդիական ցանցի մը շինութիւնը:
Շաբաթ օրուան բացման հանդէսին մասնաւոր հրաւէրներ ղրկուած են պետական անձնաւորութիւններու, պաշտօնական մարմիններու, միութեանց ներկայացուցիչներու եւ ծանօթ ազգայիններու:
Բացի այդ, մեր բոլոր ընկերներն ու բարեկամները սիրով կը հրաւիրուին այս հանդէսին, ուր պիտի կրնան ուրախութեամբ ողջունել Պուրճ Համուտի համար նախախնամական դեր կատարելու կոչուած այս ձեռնարկին հիմնարկէքը:
Դաշտը կը գտնուի Նահր էլ Մոթ-Սին էլ Ֆիլ պողոտային վրայ, Քալիոնճի սառնարանին դիմաց: 180 մեթր երկայնքով ու 155 մեթր լայնքով, Պուրճ Համուտի մարզաւանը պիտի պարփակէ ոչ միայն ֆութպոլի դաշտ մը, այլեւ` պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի դաշտեր, վազքուղիներ եւ այլ մարզական խաղերու վայրեր: Պիտի ունենայ երկու թրիպիւններ, որոնք պիտի կրնան աւելի քան 50,000 հոգի ընդունիլ:
Շինութիւնը պիտի աւարտի մէկ տարիէն ու Պուրճ Համուտի երիտասարդութեան պիտի ընծայուի իր լաւագոյն ժամադրավայրը:
Ազգային Կեանքը Հատեթի Մէջ
Հատեթի Ազգային Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, մարտ 21-ին տեղի ունեցաւ տարեկան պարահանդէսը «Օմար Խայեամ»-ի շքեղ սրահներուն մէջ: Ժամը 9:30-էն սկսեալ արդէն իսկ զոյգեր սկսած էին գրաւել իրենց սեղանները, իսկ նուագախումբը կը խանդավառէր մթնոլորտը:
Ժամը 11:00-ին կը հասնի օրուան նախագահ տէր եւ տիկին տոքթ. Ժան Վասոյեանները կ՛արժանանան բուռն ծափերու:
Մինչ այդ հոգաբարձութեան ատենապետ Եփրեմ Զեքեան նախագահը կը ներկայացնէ հասարակութեան` շեշտելով անոր ազգանուէր ծառայութիւնը, մանաւանդ` Հատեթի հայութեան:
Ատենապետին խօսքէն ետք օրուան նախագահը ջերմ մթնոլորտէն ոգեւորուած, վարժարանիս կը նուիրէ 300 լ. ոսկի` արժանանալով բուռն ծափերու: Ապա խօսք առնելով` կ՛ըսէ.
«Զաւարեան վարժարանը` այսօր կ՛ապրի իր նախնական վիճակը եւ վստահ եմ, թէ իր գոյութիւնը պահելու համար պէտք ունի մեծ զոհողութիւններու:
Մեզի համար թանկագին պատեհութիւն մըն է, սիրելի հայրենակիցներ, ցոյց տալու մեր նիւթական օգնութիւնը լուսոյ այս տաճարին, որ պատիւ մըն է հայ ժողովուրդին համար եւ ապացոյցը նաեւ անոր ուսումնատենչ ձգտումներուն: Մատղաշ սերունդին առողջ դաստիարակութեան համար գործող Զաւարեան վարժարանին օգնել` պիտի նշանակէ օգնել մեր զաւակներու մտքին ու հոգիին մշակման:
Զաւարեան վարժարանը, շարունակեց յարգելի նախագահը, պէտք է դարձնենք ինքնաբաւ հաստատութիւն մը: Ահա իմ փափաքս, ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ ձեր ալ փափաքն ու առաջադրանքը նկատէք այս մէկը»:
Նախագահին խօսքէն ետք, ժամը ճիշդ 2:30-ին կը ժամանէ Հատեթի «Սեն Թերեզ» հիւանդանոցի յարգուած վիրաբուժ տոքթ. Փիեռ Տաքքաշ: Որոտընդոստ ծափերու մէջ մուտք կը գործէ եւ տեսնելով ներկաներուն բարձր տրամադրութիւնը` խանդավառուած երկու խօսքով կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնը` եւ գովեստով կը խօսի շրջանի հայութեան մասին` որպէս պարկեշտ ժողովուրդի: Սոյն խօսքերէն ետք ինք եւս վարժարանին կը նուիրէ 200 լ. ոսկի:
Խանդավառութիւնը հասած էր իր գագաթնակէտին: Օրուան թամատան` Լեւոն Փանոսեան, շնորհակալութիւն կը յայտնէ, արաբերէնով եւ կը բացատրէ օրուան հաւաքոյթին նպատակը: Անմիջապէս կը սկսի վիճականութիւնը: 95 բախտաւորներ կը ստանան իրենց նուէրները: «Փեփսի-քոլա»-ի տրամադրած պայուսակէ սառնարանը կը դրուի վիճակահանութեան, որմէ կը գոյանայ 100 լ. ոսկի:
Ներկաները մինչեւ առաւօտ ժամը 4:00 կը մնան եւ տակաւին կը շարունակեն զուարճանալ, ապա կը մեկնին լաւ տրամադրութեամբ:

