«Ազդակ» Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լիբանանի Մէջ Թրքական Դեսպանատան Նախաձեռնութեամբ Դատ` «Ազդակ»-ի Դէմ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ձախէն աջ.- Տիգրան Ոսկունի, Ժիրայր Նայիրի, Փանոս Թիթիզեան, փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, մեթր Հրաչ Շամլեան, Երուանդ Փամպուքեան, Տիգրան Թոսպաթ, մեթր Մոհսէն Սլիմ, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Հրաչ Սեդրակեան, Հայկ Պալեան, Յարութիւն Ճերեճեան եւ Աւետիս Փաթաթեան:
Հայ մշակոյթի եւ դպրութեան ծառայութեան նուիրուած, հայկական արժէքներու ու սրբութիւններու խնկարկու եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդման անխոնջ պաշտպան «Ազդակ» իր երկարամեայ պատմութեան ընթացքին, բազում դժուարութեանց շարքին, 1970-ին դիմագրաւեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան բացած զոյգ դատերը: «Ազդակ»-ի դէմ բացուած դատը (եւ միաժամանակ «Զարթօնք» օրաթերթին դէմ բացուած դատը), կերպով մը շարունակութիւնն էր ցեղասպանութեան քաղաքականութեան, որովհետեւ թուրքը հայ ազգի բնաջնջումի կողքին, կը հետապնդէր (ու կը շարունակէ հետապնդել) հայութեան ազատ ստեղծագործութեան ոգին, քաղաքական մտածողութեան ընթացքը եւ պահանջատիրութեան երթը լռութեան մատնելու պետական ծրագրաւորուած քաղաքականութիւն: Մէկ խօսքով` 1915-ի ցեղասպանութենէն աւելի քան կիսադար մը ետք` 1970-ին, եւ նաեւ` այսօր, դար մը ետք, թուրքը մնացած է նոյն թուրքը:
«Ազդակ»-ի դէմ բացուած դատը խոր ընդվզում յառաջացուց հայկական եւ ընդհանուր առմամբ լիբանանեան շրջանակներէ ներս, որոնք միասնականօրէն զօրավիգ կանգնեցան «Ազդակ»-ին եւ հակառակ թրքական պետութեան ուղղակի միջամտութիւններուն` լիբանանցի քաղաքական եւ կրօնական դէմքերու մօտ, լիբանանեան արդարադատութիւնը իր արդար վճիռով անպարտ արձակեց հայ մամուլը:
«Ազդակ» օրին, 14, 15, 16, 18, 19, 20, 21, 22 եւ 23 մայիս, 2 յունիս եւ 2,11 եւ 13 յուլիս 1970-ի թիւերով լայնօրէն անդրադարձած է «Ազդակ»-ի դէմ բացուած դատին, դատավարութեան ընթացքին, հայկական եւ լիբանանեան շրջանակներէ բարձրացած ընդվզումի եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններուն եւ լիբանանեան արդարադատութեան արդար վճիռին:
***
«Ազդակ» 14 մայիս 1970-ի թիւերով եւ «Դատ «Ազդակ»-ի դէմ» խորագիրով լրատուութեամբ կը գրէր.
«Պէյրութի թուրք դեսպանատան բողոքին վրայ, Լիբանանի արտաքին նախարարութեան թելադրանքով, դատ բացուած է «Ազդակ» օրաթերթին դէմ, մամլոյ դատարանին առջեւ:
«Ազդակ» կ՛ամբաստանուի թուրք պետութեան նախագահին դէմ նախատական յօդուած մը հրատարակած ըլլալու յանցանքով:
Նոյն ամբաստանութեամբ եւ նոյն թուականով դատ բացուած է նաեւ «Զարթօնք» օրաթերթին դէմ, այլ յօդուածի մը առիթով:
Դատավարութեան առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, մայիս 20-ին:
Պէյրութի թուրք դեսպանատան թշնամական այս արարքը, խորքին մէջ, ուղղուած չէ միայն «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դէմ, այլ ամբողջ լիբանանահայութեան:
Թուրք դեսպանատան այս քայլը, անշուշտ, թելադրուած է Եղեռնի յիսնամեակի հաւաքական այն ոգեկոչումէն, որ այնքան մեծ արձագանգ գտաւ Լիբանանի եւ բովանդակ աշխարհի մէջ:
Բացուած դատը մեկնակէտ ունի երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանի երգիծական մէկ գրութիւնը, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ»-ի 11 հոկտեմբեր 1968-ի թիւին մէջ, որուն «յանցապարտ» մասը կու տանք ստորեւ.
Թրքական Վիրաբուժութիւնը
Թուրքիոյ մէջ ալ կ՛ուզեն կատարել պատուաստում սրտի: Գործին գլուխը կեցած է վիրաբուժ տոքթ. Սիյամի Էրսէք, աջակցութեամբ իր օգնականներուն:
Առողջապահական նախարար, տոքթ. Վէտատ Ալի Էօզքեան, իր հաւանութիւնը յայտնած է:
Հայտարփաշայի հիւանդանոցին մէջ, 34 հոգիէ բաղկացած բժշկական խումբ մը, կազմ ու պատրաստ է, անցնելու համար գործի:
Բարերար որոշում մըն է այս: Պէտք է բոլոր թուրքերուն սիրտերը տեղէն հանել ու տեղը տնկել նոր սիրտեր:
Անուրանալի է որ թուրքերը ունին սիրտ գայլի: Գոնէ շան սիրտ տնկելու է անոնց կուրծքին տակ, զանոնք ընտանեցնելու համար:
Այնուհետեւ, շան սիրտերով` թող հաջեն կամ զիրար խածնեն: Բայց հանգիստ թող թողուն հովիւները եւ ոչխարները:
Եթէ շան սիրտ ունենան, հաւանաբար աւելի կը սիրուին ամերիկացիներուն կողմէ, որոնց մէջ շնապաշտները շատ են, շնապաշտները շատ հարուստ են եւ յաճախ մեծ ժառանգութիւններ կը թողուն իրենց ամենասիրելի շուներուն:
Թուրքերը աւելի պիտի սիրուին նաեւ համայնավարներուն կողմէ, որոնք զիրենք կրնան մարզել ու գործածել սահմաններու հսկողութեան համար, որպէսզի ոչ ոք չփախչի դրախտէն, դժոխք մտնելու համար:
Ուրեմն այս գործէն ալ պիտի շահին բախտաւոր թուրքերը: Բարոյապէս գայլ ըլլալէ, դառնալով շնասիրտ, հաւատարիմ` իրենց ուտելիք միսերուն ու ոսկորներուն:
Ինչպէս կը տեսնէ ընթերցողը, Պէշիկթաշլեանի այս գործին մէջ որեւէ խօսք չկայ Թուրքիոյ նախագահին դէմ:
***
«Ազդակ»-ի պաշտպանութիւնը ստանձնեցին լիբանանցի անուանի փաստաբան, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ մեթր Մոհսէն Սլիմ եւ իրաւաբան մեթր Հրաչեայ Շամլեան: Դատավարութեան ներկայ գտնուելու համար պատրաստակամութիւն յայտնեցին այլ իրաւաբաններ եւ լրագրողներ, որոնք ծանօթ են մեր պատմութեան եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ Թուրքիոյ ունեցած վերաբերումին:
***
Թրքական դեսպանատունը 17 մայիս 1970-ին երկրորդ դատ մը բացաւ «Ազդակ»-ի դէմ: 18 մայիսի թիւով եւ «Երկրորդ դատ մեր թերթին դէմ» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Դատական իշխանութիւններէն մեզի պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, թէ թրքական դեսպանատան բողոքին վրայ, երկրորդ դատ մը եւս բացուած է «Ազդակ»-ի դէմ, այս անգամ մեկնակէտ ունենալով անուանի գրագէտ Արամ Հայկազի մէկ գրութիւնը, որ լոյս տեսած էր 1969 ապրիլ 23-ի թիւին մէջ:
Յօդուածը, որ հրատարակուած է ապրիլ 24-ի 54-ամեակին յատկացուած մեր մասնաւոր թիւին երկրորդ էջին վրայ, կը կրէ «ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ» խորագիրը, եւ, ըստ Պէյրութի թուրք դեսպանատան, ունի «յանցապարտ» մաս մը, ուր իբրեւ թէ անուանարկուած ըլլայ թուրք պետութեան նախագահը:
Կու տանք Արամ Հայկազի յօդուածին «մեղաւոր» տողերը, ուր շատ լաւ ներկայացուած է Թուրքիան, տրուած է հարազատ պատկերը թուրք ժողովուրդին, որ, հակառակ ցեղասպանական իր բոլոր արարքներուն, չկրցաւ ընկճել հայ ժողովուրդը, բոլոր մարզերու մէջ ետ մնաց անկէ, ու հիմա, իր անզօրութենէն մոլեգնած` կը փորձէ լռեցնել հայ մամուլը, որպէսզի իր ոճիրներուն մասին խօսող չմնայ եւ մարդկութիւնը ի սպառ մոռնայ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը»:
***
«Ֆրանսան թուրքերուն յանձնեց մեր Կիլիկիան, ու Անգլիան ազատ արձակեց իր գերեվարած 65,000 թուրք զինուորներն ու Մալթայի ոճրագործներուն վոհմակը:
Յետոյ նստեցան Նիւրեմպերկ խաղալու:
Իրաւ որ միւս ազգերը ունեցան իրենց Նիւրեմպերկը:
Մենք էր որ մնացինք բացը:
Ստիպուած եղանք մեր Նիւրեմպերկը մեր ձեռքով սարքել:
Խան Խոյսկի Ջիւանշիր, Թալէաթ, Սայիտ Հալիմ, Պեհաէտտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի, քանի մը ուրիշ մանրուքներ…
Ի՞նչ ընէինք… Ստիպուած էինք… Պարտի-պահանջի տետրակին մէկ կողը բաց էր մնացած:
Պէտք էր հաւասարակշռել: Ու հաւասարակշռեցի՛նք:
Մեղքը մե՞րն էր…
Ու այն գրիչները, որոնք դարերով այս ժողովուրդի մարտիրոսագրութեան պատմութիւնն են արձանագրած, նոր էջ մը բացին ու հպարտութեամբ գրեցին:
ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ
ԲԱՇ ԱՊԱՐԱՆ
ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԷ
Դրօ, Սմբատ, Սեպուհ, Անդրանիկ:
Անկախ Հայաստան,
Յարութիւն առինք:
Այսօր կանք` ու վաղը նորէն պիտի ըլլանք:
Մենք կուշտ ենք, իրենք, մեր դահիճները` անօթի:
Մենք առողջ ենք, իրենք, իրենց վկայութեամբ` հիւանդ:
Մենք քաղաքակրթութեան պատմութիւն ունինք, իրենք` ոճիրի:
Մենք ողորմութիւն կու տանք, իրենք յաւիտենական մուրացիկ են դարձած:
Մեր հայրենիքն ու իր սահմանները լոյսերու մէջ կը շողան, իրենց երկիրը խաւարի մէջ է:
Մենք համաշխարհային համբաւով գիտնականներ ունինք, իրենք` համաշխարհային համբաւով ոճրագործներ:
Ալ թուե՞մ…
Կարծեմ կը բաւէ:
Բայց արդար ըլլալու համար, պէտք է նաեւ ընդունիլ, թէ իրենք ալ բան մը տուած են աշխարհին.
Ցեղասպանութեան գիւտը իրենցն է:
Իրենք եղած են զայն առաջին անգամ գործադրողները, երբ դեռ այդ բառը գոյութիւն իսկ չունէր բառարաններուն մէջ»:
***
Հայ մամուլին դէմ առնուած այս քայլը շարունակութիւնն է ցեղասպանութեան, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը միայն ժողովուրդի մը ֆիզիքական բնաջնջումը չէ, այլ նաեւ անոր իբրեւ ժողովուրդ ինքզինք արժեցնելու, մտածելու եւ ստեղծագործելու անպարտելի իրաւունքին գերեզմանումը: Աւելին. ցեղասպանութիւն է նաեւ ժողովուրդի մը պատմութիւնը թաղելու փորձը եւ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու իր ամէնէն տարրական իրաւունքին դէմ արգելք դնելու ճիգը:
Այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը ողբով ու կոծով, սգահանդէսներով եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններով կը յարգէր իր նահատակները, Թուրքիան հանգիստ էր: Լացող ժողովուրդ մը այնքան ալ վտանգաւոր չէր իրենց համար:
Սակայն, երբ հայ ժողովուրդը դուրս եկաւ իր սուգի մթնոլորտէն եւ գործնական քայլերու դիմեց` իբրեւ պահանջատէրը իր արդար դատին, իրապաշտ մօտեցումով եւ ցեղասպանութիւնը հաստատող անհերքելի փաստերով ու վկայութիւններով ներկայացաւ աշխարհին, Թուրքիան, ծայր աստիճան դիւրազգածութեամբ մը, սկսաւ խուճապային ելոյթներ ունենալ:
Այդ ելոյթներէն մէկն էր այն դատը, որ բացուեցաւ «Ազդակ»-ի ու «Զարթօնք»-ի դէմ:
***
Հայ մամուլին դէմ բացուած դատին նկատմամբ ընդվզումի առաջին արտայայտութիւններէն էր «Հայուհիի մը պոռթկումը» խորագիրը կրող եւ Արաքս Հեքիմեան ստորագրութեամ յօդուածը, ուր կ՛ըսուի.
«Մե՛նք, Լիբանանի հայուհիներս, բոլորս, բոլորս անխտիր, պատրաստ ենք վերցնելու ե՛ւ «Ազդակ»-ի ե՛ւ «Զարթօնք»-ի դէմ եղած ամբաստանութեան բարոյական եւ նիւթական բեռին ծանրութիւնը:
«Մենք կը գիտակցի՛նք, որ այդ ամբաստանութիւնը ամուլ պտուղն է պարտուած ու վիժած հոգիներու մոլուցքին եւ կիրքին:
«Մե՛նք Լիբանանի հայուհիներս լա՛ւ գիտենք, որ ցեղասպանը անատակ է տրամաբանելու:
«Գոհ եւ երջանիկ ենք, որ ա՛յս անգամ ալ, ինչպէս միշտ, անսալով իր բնազդին, հայկական Դատին եւ իր ցեղասպանութեան հարցը արծարծելու առիթ կը ստեղծէ մեզի:
«Մե՛նք Լիբանանի հայուհիներս կը թելադրենք աշխարհի չորս ծագերու հայ խմբագիրներուն` որ Նշան Պէշիկթաշլեանի «Թրքական վիրաբուժութիւնը» հրատարակեն:
«Եւ աշխարհի չորս ծագերու թուրք դեսպանատուները դատարան թո՛ղ սարքեն, հանուր աշխարհի հայ թերթերուն, հա՛յ ժողովուրդին դէմ»:

