Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ. Թի. Էս.» ը
Կազմակերպած Է 365 Խաղարկութեան
Հերթական Հանգրուանը
Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը անակնկալ մը մատուցած է «Խօսում է քաղաքը» եւ «Անձնական» սակագնային ծրագիրներու «Յատուկ» աշխուժ ծրագիրի իր հաւատարիմ բաժանորդներին:
Այս անգամ ընկերութիւնը իր գլխամասային գրասենեակին մէջ հիւրընկալած է «365» խաղարկութեան մարտ ամսուան յաղթողներուն և անոնց յանձնած է տուեալ ամսուան օրերուն թիւով սահմանուած 31 մրցանակները` «ԷմգԹիգԷսգ Իկօ» սմարթֆոնները:
Խաղարկութիւնը տեսագրուած է մարտ 21-ին` առանց ընդհատման: Օգտագործուած է յատուկ մշակուած «Microsoft.NET Random class selection on the system time» համակարգչային ծրագիրը: Նշենք, որ խաղարկութեան չեն մասնակցած երկկողմանի անջատուած հեռախօսահամարները:
Յիշեցնենք, որ 2013 թուականի հոկտեմբեր, նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր ամիսներուն խաղարկուած եւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ բնակող յաղթող բաժանորդներուն տրամադրուած է 100 սմարթֆոն: Իսկ ընթացիկ տարուան փետրուարին` 28 սմարթֆոն:
Նոր` «365» խաղարկութիւնը կազմակերպած է` «մէկական սմարթֆոն` իւրաքանչիւր օրուան համար» սկզբունքով: Ըստ այմ, յառաջիկայ ամիս պիտի կազմակերպուի 30 սմարթֆոնի խաղարկութիւն, որ կը համապատասխանէ ապրիլ ամսուան օրերուն քանակին:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը
14 Հազար 545 Տոլար Ուղարկած Է Քեսապահայութեան
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գործադիր վարչութիւնը 14 հազար 545 տոլար փոխանցած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան: Այս մասին տեղեկացուցած է հիմնադրամի կայքը:
Գումարը պիտի բաժնուի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, որոնք իրենց հիմնական կարիքներէն բացի, ֆիզիքական անվտանգութեան հարցերու դէմ յանդիման են:
«Կատարուող նուիրատուութիւնները ո՛չ միայն պիտի օգնեն մեր հայրենակիցներուն դիմակայելու ներկայիս մարտահրաւէրները, այլեւ պահպանելու իրենց ոգին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղղել «Արդշինինվեստբանկ»-ին մէջ բացուած հետեւեալ հաշիւներուն`2470100030900000 (AMD), 2470100030900001 (USD), SWIFT: ASHBAM22:
«Քեսապը Անցեալ Չէ, Այլ` Ներկայ Եւ Ապագայ»
Քեսապը ոչ թէ հայկական գաղթօճախ է, այլ` Կիլիկեան Հայաստանէն պահպանուած գեղեցիկ պատառիկ: Այս, ինչպէս նաեւ Քեսապի մշակութային, բանահիւսական եւ ազգագրական արժէքին մասին կը պատմէ 4 ապրիլին «Մեդիա կենտրոն»-ին մէջ ցուցադրուած «Քեսապ» ֆիլմաշարին առաջին մասը: 2009-2010 թուականներուն կատարուած նկարահանումներուն իբրեւ արդիւնք` բեմադրիչ Նանէ Բագրատունին կրցած է ներկայացնել քեսապահայերուն ճաշերը, խոհարարական, հարսանեկան եւ այլ աւանդոյթները` զանոնք համալրելով նաեւ պատմական ակնարկով:
«2010 թուականին մենք հրապարակեցինք տեսերիզներ, եւ ժապաւէնի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ նաեւ Քեսապի մէջ: Ընդհանուր առմամբ մենք 18-20 ժամ տեւողութեամբ ազգագրական, բանահիւսական եւ մշակութային արժէք ներկայացնող տեսանիւթ հաւաքած ենք», յայտնած է Բագրատունին:
Ի տարբերութիւն Քեսապի մասին այլ սիրողական նիւթերու` բեմադրիչին այս աշխատանքը ամբողջական նախագիծ է, որ կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ գտնուող փոքրիկ գիւղաքաղաքը` նախքան հոն սկսած ռազմական գործողութիւնները:
«Խենթենալիք էր այն, ինչ որ տեսայ այնտեղ, Քեսապը աշխարհին բացայայտուած չէր: Ես չորս տարիէ կը փորձեմ հանրութեան ներկայացնել Քեսապը նեղ շրջանակի մէջ հանդիպումներու միջոցով: Ֆիլմաշարին միւս հատուածներուն մէջ պիտի ներկայացուին Քեսապի ճարտարապետական կոթողները, զբօսաշրջութիւնը, որովհետեւ Քեսապը Սուրիոյ համար եւս կարեւոր նշանակութիւն ունի», յայտնած է վաւերագրողը` աւելցնելով, որ ժապաւէնին մէջ իրենք կը ներկայացնեն արաբ մը, որ 50 տարի բնակած է Քեսապի մէջ, քանի որ արաբական աշխարհին համար անիկա չքնաղ հանգստեան գօտի է, որ նաեւ մեծ գումարներ կը բերէ Սուրիոյ:
Քեսապահայ լրագրող Սալբի Սաղտըճեան, որ երկու տարիէ հաստատուած է Հայաստան, կը հաւատայ, թէ ներկայացուածը փոքրիկ մասն էր բազմաբովանդակ եւ մեծ ժառանգութեան, որ մեծ իմաստ ունի հայութեան համար: «Միասնաբար ապրող քեսապցիները կը ստեղծագործէին, ունէին իրենց սովորութիւնները, ազգային կառոյցները, իրենց յատուկ լեզուն` բարբառը: Սուրիոյ համար եւս անիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ամառները Քեսապը հայկական շունչով կը լեցուէր: Ամէն իմաստով անիկա փոքրիկ պատառ էր հայկականութեան` հայկականութեամբ ապրող, հայկականութեամբ շնչող», յայտնած է ան` հաստատելով, որ իրենք յոյս ունին, որ քեսապահայերը պիտի կարենան վերադառնալ պատմական հայրենիք:
Ժապաւէնի հերոսները տեղաբնակներն են` Քեսապի բնակիչները. անոնք կը ներկայացնեն իրենց պատմութիւնը` Տիգրան Մեծի ժամանակներէն մինչեւ 21-րդ դար: Կ՛անդրադառնան թուրքերուն կողմէ կազմակերպած 1909-ի տեղահանութեան ու թալանին, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ 3 տարի ետք իրենց վերադարձին:
«Քեսապ» վաւերագրական ժապաւէն-նախագիծի մտայղացման հեղինակները Մխիթարեան միաբանութեան վարդապետ Հայր Համազասպ Քէշիշեանը, Նորայր Մելքոնեանը, Նանէ Բագրատունին եւ Լիպարիտ Ասատրեանն են:
ԵՊՀ-ն Մէկ Միլիոն Դրամ Փոխանցած Է
Քեսապահայութեան Օգնութեան Հիմնադրամին
Երեւանի պետական համալսարանը 1 միլիոն դրամ փոխանցած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամին բացած յատուկ հաշիւին, ուր կատարուած հանգանակութիւնները կ՛ուղարկուին քեսապահայերու օժանդակութեան: 500 հազար դրամ նուիրատուութիւն ալ կատարած է ԵՊՀ Ուսանողական խորհուրդը:
«Մեր խորին ցաւակցութիւնն ու աջակցութիւնն ենք յայտնում Սիրիայում շարունակուող անարդար պատերազմի եւ մասնաւորապէս Քեսապի ցաւալի իրադարձութիւնների արդիւնքում ծանր տառապանքներ կրած սիրիացի եւ սիրիահայ ազգաբնակչութեանը եւ պատրաստակամութիւն յայտնում բարոյական ու նիւթական հնարաւոր միջոցներով մեղմել նրանց վիշտն ու կորուստը: 21-րդ դարում էլ ժողովուրդների գոյապահպանումը հիմնւում է ինքնօգնութեան վրայ: Կոչ ենք անում հայաստանեան հասարակութեանը եւ համայն հայութեանը միաւորուել, անտեսել միջկուսակցական, միջխմբային տարաձայնութիւնները եւ համախմբուել քեսապահայութեանը, սիրիահայութեանն ու սիրիացիներին օգնելու գաղափարի շուրջ», յայտնած է Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան:
Զբօսաշրջութեան Ընկերութիւնները Ասկէ Ետք
Հայ Զբօսաշրջիկները Թուրքիա Պիտի Չուղարկեն
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Հայաստանի շարք մը զբօսաշրջութեան ընկերութիւններ կեցուածք ճշդած են ընդդէմ Թուրքիոյ` խզելով այդ պետութեան հետ բոլոր համաձայնութիւնները: Անոնք իրենց այս որոշումը հիմնաւորած են այն հանգամանքով, թէ պիտի չնպաստեն այդ երկրի տնտեսութեան զարգացման, որուն շնորհիւ կը պատրաստուին փամփուշտներ, որոնք կ՛օգտագործուին հայերուն դէմ: Ընկերութիւններուն առած այս քայլին դրդապատճառները Քեսապի իրադարձութիւններն են:
Քեսապի վրայ թրքական զինուորներուն յարձակումներէն ետք նոր զարգացումներ սկսած են արձանագրուելու Հայաստանի մէջ: Հայկական շարք մը զբօսաշրջութեան գործակալութիւններ 2 ապրիլին միախմբուած են ու` յայտարարած, թէ այլեւս Թուրքիա պիտի չուղարկեն հայ զբօսաշրջիկներ եւ այդ եկամուտէն կը հրաժարին սկզբունքօրէն: Քանի որ նախաձեռնութիւնը տակաւին նոր է, ցարդ անոր միացած են մօտաւորապէս 12 ընկերութիւններ: Իսկ ընդհանուր առմամբ այսօր Հայաստանի մէջ կը գործէ մօտաւորապէս զբօսաշրջութեան 120 կազմակերպութիւն: Նախաձեռնութեան հեղինակները յոյսով են, որ իրենց գաղափարին կը միանան նաեւ միւսները: Տուեալ ընկերութիւնները լաւապէս կը գիտակցին, որ իրենք եկամուտի նուազում պիտի ունենան, սակայն չեն ուզեր յստակ թիւերուն մասին խօսիլ:
Զբօսաշրջութեան գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ Գրետա Գուրգէնեան եւ Անի Մանեսեան դիտել տուած են, որ կորսուած գումարը պիտի վերականգնեն օտար զբօսաշրջիկներու թիւի յաւելումով: Այս տարի կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու թիւի աճ: Արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն` կարելի է ըսել, թէ ո՛ր երկիրներէն պիտի ըլլան Հայաստան այցելողները: Ինչ կը վերաբերի հայ զբօսաշրջիկներուն, ապա Թուրքիոյ փոխարէն` ընկերութիւնները անոնց պիտի առաջարկեն այլընտրանք` թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ արտերկրի, ի հարկէ, այն գումարի սահմաններուն մէջ, որ կը ծախսուի Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ անցընելու համար:
Ընդդէմ Թուրքիոյ բողոք կազմակերպած գործակալութիւնները բոլոր պարագաներուն ալ առաջարկներ պիտի ունենան նաեւ արեւ ու ծով նախընտրողներուն: Զբօսաշրջութեամբ զբաղողները դիտել տուած են, որ այս տարի Թուրքիան կարելի է փոխարինել Պուլկարիայով կամ Խրիմով:
Քեսապի Հարցով Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Առջեւ
Մօտ մէկ տասնեակ քաղաքացիներ 2 ապրիլին բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ` պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգները դատապարտէ սուրիական Քեսապ շրջանին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները` որպէս ՕԹԱՆ-ի անդամ:
«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի մեր մտահոգութիւնը հասցնենք Քեսապի մէջ հայ բնակչութեան տեղահանութիւններուն գծով, որոնց մասնակցած են թրքական ռազմական ուժեր», լրագրողներուն ըսած է նախաձեռնութեան անդամ Լեւոն Յովհաննիսեանը:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներ յայտարարած են, որ մտահոգ են կատարուածով, բայց Թուրքիան դատապարտող որեւէ յայտարարութիւն չեն ըրած: Ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ քեսապահայեր, որոնց համաձայն, Քեսապի մէջ ամէն ինչ կատարուած է թուրքերու օգնութեամբ:
«Թալանած են քեսապահայերուն տուները, բայց այդ բանը կատարած են ոչ թէ սուրիացիները, այլ` վարձկան ահաբեկիչները: Կը պահանջենք, որ Միացեալ Նահանգներ լուռ չմնան», յայտարարած է քեսապահայ մասնակիցը` նշելով, որ իրենք դեռ յոյս ունին վերադառնալու իրենց ծննդավայրը:
Քիչ ետք ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Քլարք Փրայսը, որ լսած է անոնց պահանջը, ապա` Քեսապի մէջ կատարուածի մասին քեսապահայերուն վկայութիւնը եւ` վստահեցուցած, որ իր լսածն ու տեսածը պիտի փոխանցէ դեսպանին:
Երթ` Ի Պաշտպանութիւն Քեսապի Հայերուն
Ապրիլ 2-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղ երթ` ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ Քեսապ համայնքին:
Աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ կայացած երթը ընթացք առաւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն եւ աւարտեցաւ Խաչքարերու պուրակին մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Այդ ընթացքին Մանկավարժական քոլեճի ուսանողները Թատերական հրապարակին վրայ դրամահաւաք կայացուցին: Օրուան նախաձեռնութիւնները եզրափակուած են Ս. Աստուածածին Եօթը Վէրք եկեղեցւոյ մէջ` երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի առաջնորդութեամբ` քեսապահայութեան նուիրուած ընդհանրական աղօթքով:
«Դէպի Հայք»-ի Ծրագիրին Առաջին Անգամ Ըլլալով
Պիտի Մասնակցին Արցախցի 80 Պատանիներ
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ 28 մարտին կայացած է նախարարին կից ատեանի հերթական նիստը: Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, ատեանի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան ներկայացուցած է վերջերս Ֆրանսա եւ Յունաստան կատարած իր աշխատանքային այցելութեան արդիւնքները, նշած է, որ Ֆրանսայի Վիէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ քաղաքներուն միջեւ կնքուած է բարեկամութեան հռչակագիր: Ան կարեւոր նկատած է Արցախի եւ արտերկրի տարբեր բնակավայրերուն հետ նման յուշագիրներու կնքումը Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման գործընթացին մէջ` այս իմաստով լուսարձակի տակ առնելով սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը:
«Համայնքային օրեր Հայաստանում» ծրագիրի ծիրին մէջ «Նոր Ջուղայի օրեր» ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին եւ կազմակերպչական, բովանդակային խնդիրներուն մասին զեկուցած է Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Կ. Սարգսեանը: Ան ներկայացուցած է համայնքին համառօտ պատմութիւնը եւ ծրագիրին մէջ ներառուած նախաձեռնութիւնները: Երգչուհի Աննա Մայիլեան առաջարկած է ծրագիրին մէջ ընդգրկել նաեւ իր նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող իրանահայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու համերգը եւ իրանահայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւնը: Առաջարկը ընդունուած է ատեանին կողմէ:
Նախարարութեան` սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2014-ի ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցումով հանդէս եկած է նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Ան ներկայացուցած է նաեւ 2014-ի ծրագիրին մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններն ու առանձնայատկութիւնները. առաջին անգամ ըլլալով ծրագիրին մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու հայաստանեան ձեռնարկութիւն:
Ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր սփիւռքի նախարարութեան եւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամին միջեւ: Կազմակերպութիւնը կ՛առաջարկէ` հայոց լեզուի անվճար դասընթացքներ, շրջապտոյտներ, սեմինարներ: Այս ծրագիրի ծիրին մէջ կարելիութիւն պիտի տրուի 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներուն` մասնակցելու Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ կամաւորական աշխատանքի միջոցով իրենց ներդրումը ունենալու հայրենիքի զարգացման, միաժամանակ կապեր ստեղծելու հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ` կայացնելու մասնագիտական վարժանիստեր: «Դէպի Հայք» ծրագիրը պիտի ըլլայ «Արի տուն» ծրագիրի իւրօրինակ շարունակութիւնը: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ծրագիրին պիտի մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղէն 80 պատանիներ եւ աղջիկներ (ճամբարային օրերուն): Սիսիան քաղաքի «Երիտասարդութեան մայրաքաղաք» հռչակուելուն առիթով ճամբարային հանգրուանին պիտի մասնակցի 15 սիսիանցի երեխայ: Թուրքիոյ Տէրսիմ քաղաքէն ծրագիրին պիտի մասնակցի 45 հոգիէ բաղկացած իսլամացած մեծահասակ, քրտախօս հայերու խումբ մը: Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան պատրաստակամութիւն յայտնած է ծրագիրի 80 մասնակիցները հիւրընկալելու Արցախի մէջ:
Սփիւռքահայերու համարկման 2013-ի ծրագիրի ամփոփումը եւ 2014-ի ծրագիրի բովանդակութիւնն ու անոր առնչուած յառաջիկայ կատարուելիքները ներկայացուցած է Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լուսինէ Ստեփանեանը: Ան ներկայացուցած է նաեւ սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով կատարուած նախաձեռնութիւնները, ծրագիրները, կատարուած շարք մը իրաւական փոփոխութիւնները:
Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին նախորդ մէկ տարուան (01.03.2013 01.03.2014 թուականներ) աշխատանքային գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւն ներկայացուցած է «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հ. Կարապետեանը:
Օթիզմի Իրազկեման Համաշխարհային Օրուան Առիթով
Քայլարշաւ Երեւանի Մէջ
Օթիզմ ունեցող աւելի քան 100 երեխաներ եւ անոնց ծնողները, ներառական եւ հանրակրթական դպրոցներու աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ յատուկ մասնագիտական կրթօճախներու աշխատակիցներ եւ արտերկրէն ժամանած հիւրեր մասնակցեցան 2 ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուած օթիզմի իրազեկման համաշխարհային օրուան նուիրուած քայլարշաւին, որ տեղի ունեցաւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Երթը սկսաւ քաղաքապետարանէն եւ հասաւ մինչեւ Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ օթիզմէ տառապող երեխաներուն նուիրուած «Աստծոյ հրեշտակներ» երգի շնորհահանդէսը եւ «Երեխաների զարգացման միջազգային կենտրոն»-ի սաներու նկարներու բացօթեայ ցուցահանդէսը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը:
Երգին երաժշտութիւնը կը պատկանի Ռիթա Սարգսեանին, խօսքերը` Աւետ Բարսեղեանի: Երգը կատարեցին Ինգա եւ Անուշ Արշակեանները, «Վաղորդեան կաթիլներ» համոյթը, Չայքովսքիի անուան երաժշտական մասնագիտական դպրոցի մանկական նուագախումբն ու երգչախումբը:
«Աուտիկ երեխաները կոչւում են Աստծոյ հրեշտակներ. օթիզմը հիւանդութիւն չէ, այլ կենսակերպ է: Եթէ այդքանը հասկանալով` ջարդենք այն պատը, որ մեզ այդ երեխաներից տարանջատում է, նրանք անպայման կը գտնեն իրենց տեղը մեր հասարակութեան մէջ: Ես փորձել եմ այս երեխաների երաժշտական կերպարը գտնել, Աւետը` հոգու կերպարը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Առաջին տիկինը:
«Աուտիզմ ազգային հիմնադրամ»-ի տնօրէն Լիլիթ Աթաջանեան ըսաւ. «Մենք միանում ենք աշխարհին այս շարժումով, եւ ամէն տարի տարբեր ձեռնարկներ ենք կազմակերպել չկրկնուելու համար: Նախորդ տարի գիտաժողով էինք նախաձեռնել, մէկ այլ տարի` ցուցահանդէս հէնց ՄԱԿ-ի գրասենեակում: Այս տարուայ տարբերութիւնն այն է, որ երթ ենք կազմակերպել Երեւանի քաղաքապետարանի մօտից. խորհրդանշական վայր է, քանի որ քաղաքապետարանը մեզ դպրոցի շէնք յատկացրեց այս տարի եւ կաթսայատուն կառուցեց դպրոցի համար»:
Քայլարշաւի մասնակիցները կը կրէին օթիզմի մասին բարձրաձայնող խորհրդանշական պաստառներ, շապիկներ եւ կապոյտ փուչիկներ:


