Հայ Աւետարանական Քոլեճ. Ծնողաց Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան, կազմակերպութեամբ Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 22 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ծնողաց երեկոյ»` ներկայութեամբ վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներուն, տնօրէնութեան- ծնողներու եւ բարեկամներու:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ յանձնախումբի գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին համար: Ապա ան հրաւիրեց օրուան հիւր երգիչ Ազգ. առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբի խմբավար Երուանդ Քէշիշեանը, որպէսզի ճոխացնէ մթնոլորտը:
Ձեռնարկի ընթացքին Մարալ Մխսեան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, որ վերջերս պարգեւատրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Ան անդրադարձաւ տնօրէնին բեղուն գործունէութեան վարժարանէն ներս թէ գաղութին մէջ եւ հրաւիրեց զայն եւ յուշանուէր մը յանձնեց Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին կողմէ:

