Հայ Աւետարանական Կերթմենեան Վարժարանի Կազմակերպութեամբ` Մայրերու Օր
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանին, հինգշաբթի, 27 մարտի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ ճաշարան «Մշարրապիյէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ մաղթեց բոլոր մայրերուն` առողջութիւն եւ երջանիկ կեանք:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Կերթմենեան վարժարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին խմբային եւ անհատական արտասանութիւններ, ինչպէս նաեւ նուագ` կիթառի եւ ջութակի վրայ: Վարժարանի նախկին աշակերտուհի Հայկօ Խանճիհանեան ներկայացուց 2 մենապարեր, իսկ օրուան հիւր ջութակահար Պորիս Միրզոյեան, որ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը եւ ներկայիս կը դասաւանդէ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, մեկնաբանեց երաժշտական ստեղծագործութիւններու փունջ մը: Ձեռնարկի ընթացքին վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան հրաւիրեց Իսկուհի Խալիֆէն եւ պատուեց զայն` վարժարանի նկատմամբ անոր եւ ընտանիքին ունեցած ներդրումին համար:
Օրուան հիւր բանախօսն էր Հայ աւետարանական համայնքի հրատարակչական գրասենեակի տնօրէն եւ կրթական գործավար Ռոզեթ Ալեմեան: Ան անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` հաստատեց, որ մայրը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ նուիրական անձն է եւ որքան ալ գնահատենք զայն, դժուար թէ կարենանք անոր անսահման զոհողութիւնները փոխադարձել: «Հայ մայրերը մեր ազգին համար ունեցած են եւ ունին նշանակելի դեր: Անոնք պատրաստած են այսօրուան մեր համալսարանաւարտ սերունդները` դառնալով ազգապահպանման ջահակիրները` հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով իրենց զաւակներուն», շեշտեց Ռ. Ալեմեան` աւելցնելով, որ մայր, մայրենի լեզու, ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց, միութիւն` միասին կը կազմեն հայ ազգը:

